Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Համերգ Զուիցերիոյ Մէջ

Ժընեւի մերձակայ Պիւպլանժ քաղաքին մէջ Յուլիս 30-ին տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն, որուն ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի ազգային կամերային նուագախումբը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիսութեան ընթացքին ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղած է դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ ընդգծած է հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին համար 25 տարի առաջ անկախ պետականութեան վերականգնման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձած է հայկական երաժշտական արուեստի աւանդոյթներուն:

Համերգի ընթացքին՝ նուագախումբի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեանի կատարումով հնչած են հայ եւ միջազգային դասական երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին