Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքի ընթացքին՝ յայտարարուած էր զինուած խումբի յանձնուելու մասին: Այդ յայտարարութիւնը թէժ վիճաբանութիւններ յառաջացուցած էր ցուցարարներուն միջեւ: Հանրահաւաքը վարող Տիգրան Խզմալեան յայտարարած էր` «կ’արձանագրենք մեր առաջին միջանկեալ յաղթանակը եւ կ’անցնինք քաղաքական գործընթացներու»։ Խզմալեանը ելոյթէն ետք անջատած էր բարձրախօսը՝ յայտարարելով, թէ այսօր երեկոյեան կրկին հանրահաւաք տեղի կ’ունենայ հրապարակին վրայ: Անկէ ետք հաւաքուածներուն մէջէն Խզմալեանի նկատմամբ դժգոհ վանկարկումներ եղած էին եւ մի քանի երիտասարդներ ալ ամպիոն բարձրացած, սակայն չէին կրցած ելոյթ ունենալ։ Խումբ մըն ալ ցուցարարներ ինքնաբուխ երթ կատարած էին Երեւանի փողոցներով՝ իբրեւ աջակցութիւն «Սասնայ ծռեր»ուն։






