Չորեքշաբթի՝ 27 Յուլիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.00-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն կրկին այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ:
Հաստատութեանս մուտքին պատուարժան հիւրը սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատ. Սեպուհ Թէրզեանի եւ պետական նախարար Յակոբ Բագրատունիի կողմէ:
Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, Տիկ. Լէյլա Սոլհ-Համատէ տեսակցեցաւ պատսպարեալ մամիկներուն հետեւ հետաքրքրուեցաւ անոնց վիճակով:
Ապա ներկաները հաւաքուեցան վերանորոգուած խոհանոցին առջեւ՝ կատարելու պաշտօնական բացումը:
Դեկտեմբեր 2015-ինՔԱՀԼ այցելութեան, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ խոստացած էր ստանձնել ՔԱՀԼ-ի խոհանոցին լման վերանորոգման եւ արդիական սարքաւորման ծախսերը, ինչպէս նաեւ սատարելով ՔԱՀԼ-ի որդեգրած «Ծիրանի» խոհանոցին ծրագրին:
Ամիսներ շարունակ, մեծ աշխատանքով նախկին խոհանոցը ամբողջապէս նորոգուեցաւ եւ կահաւորուեցաւ:
Տնօրէնութեան շնորհակալական խօսքէն ետք, ծափահարութիւններով բացման ժապաւէնը կտրեց օրուան հիւրը՝ Լէյլա Սոլհ-Համատէ, մասնակցութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատ. Սեպուհ Թէրզեանի եւ պետ. նախարար Յակոբ Բագրատունիի: Ներկաները շրջեցան բարեկարգուած եւ ամբողջութեամբ նոր կահաւորուած բաժինը, զետեղուած արդիական գործիքներով: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: