Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

28 Յուլիսին Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Քաղաքային խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ընթացին ելոյթներով հանդէս եկած են այնտեղ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք իրենց խօսքին մէջ կարեւոր համարած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ատոր կանխարգելիչ նշանակութիւնը: Մասնաւորապէս, «Քոմփրոմիս» քաղաքական խմբակցութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նշած է, որ խիստ կարեւոր է մոռացութեան չմատնել հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը յատկապէս այսօր, հաշուի առնելով, որ այն վայրերուն մէջ, ուր իրականացուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմ զանգուածային կերպով կը խախտուին մարդու իրաւունքներն ու կը վտանգուին հազարաւոր մարդոց կեանքեր:

Քուէարկութեան մասնակից քաղաքական ուժերու գերակշիռ մեծամասնութիւնը (PSOE, GUANYAR, COMPROMIS կուսակցութիւնները) քուէարկած են յօգուտ օրինական յայտարարութեան ընդունման:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման յայտը ներկայացուած էր Ալիքանթէի «Հայաստան» միութեան կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին