Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

ՊՊԾ Գունդի Տարածքը Ամբողջութեամբ Ազատագրուած Է Ձերբակալուած Են Տակաւին Հոն Գտնուող 20 Զինեալներ

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտարարէ, որ սոյն թուականի Յուլիս 30-ին եւ 31-ին ՀՀ Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը աւարտած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ՀՀ իրաւասու իրաւապահ մարմիններու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները իրենց հետեւողական եւ համաձայնեցուած գործողութիւններով ստիպած են զինուած խումբի անդամներուն վար դնել զէնքը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: Ձերբակալուած են 20 զինեալներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի  երէկ գիշեր ՊՊԾ գունդի տարածքը ամբողջութեամբ ազատագրուած է:

Նշենք, որ աւելի կանուխ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ գտնուող զինուած խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեանը յայտարարութիւն ըրած է, ուր յայտնած է խումբին յանձնուելու պատրաստակամութեան մասին։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ Վարուժան Աւետիսեանը հեռաձայնելով «Առաջին լրատուական», յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար նշած է, որ խումբի թուակազմը էապէս նուազած է։ Ան մատնանշած է խումբի հետագայ քայլերու երկու տարբերակ, որոնք են մարտի բռնուիլը, որ յղի է արիւնահեղութեամբ, կամ յանձնուիլը։ Ան նշած է, որ իրենց դէմ կանգնած են մարդիկ, որոնք պարտականութիւն կը կատարեն, իրենք որոշած են, որ այդ մարդոց արիւնը չեն ուզեր: «Զէնքը 20:00-ին վար կը դնենք եւ դուրս կու գանք ու արիւնահեղութեան չենք երթար: Համոզուած ենք, որ շուտով նորէն պիտի հանդիպինք», նշած է Աւետիսեանը՝ կոչ ընելով ժողովուրդին «որոշումը ընդունիլ իբր դրական քայլ»: Այս մասին յայտարարուած է նաեւ Ազատութեան հրապարակը. այնտեղ հաւաքուածներուն այս տեղեկութիւնը փոխանցեր է բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին