Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելութիւնը Թարթուս

Թարթուսի այցելութեամբ վերջ գտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններու հովուապետական այցելութիւնը:

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Թարթուսի հօտին հետ Յոյն Ուղղափառ Ս. Տանիէլ եկեղեցիէն ներս, ուր անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայուն քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեծ տխրութեամբ, բայց հպարտութեամբ տեղեկացած է, որ սուրիական տագնապի առաջին նահատակները հայեր եղած են: Այդ մէկը կը փաստէ, որ հայը Սուրիոյ լիարժէք քաղաքացին է:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում եւ Վեհափառ Հօր ձեռնադրման 20ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում ու հիւրասիրութիւն: Հաւաքը իրենց երգեցողութեամբ ճոխացուցին խումբ մը մանուկներ ու պատանիներ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին