Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Հերմինէ Նաղտալեան Խնդիրը Իրավիճակի Հանգուցալուծման Մէջ Կը Տեսնէ

Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմնի անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեան, կուսակցութեան Գործադիր մարմնի նիստէն ետք յայտարարեց, որ «խնդիրը ոչ թէ արտահերթ նիստ գումարելու մէջ է, այլ իրավիճակի հանգուցալուծումն է»: Նաղտալեանի խօսքով «այսօր կան բազմաթիւ քրէական գործեր, հետաքննութիւն կը կատարուի եւ այս պարագային պատգամաւորներու հետ քննարկումը կամ պատգամաւորներու կողմէ քննարկումը՝ կրնայ յառաջացնել նոր լարուածութիւններ կամ զիրար չհասկնալու նոր ալիքներ»: Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան, առաջարկած էր խորհրդարանի արտահերթ նիստ գումարել՝ Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւումով ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը քննարկելու համար։ Սակայն Փաշինեանի այս նախաձեռնութեան համաձայնած եւ համապատասխան ձեւաթուղթի վրայ ստորագրած էին ընդամէնը 19 պատգամաւորներ՝ անհրաժեշտ 44-ի փոխարէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին