Կիւմրիի մէջ ալ տեղի ունեցած է բողոքի երթ` իբրեւ աջակցութիւն Երեւանի ոստիկանական կեդրոնը գրաւած զինուած խումբի անդամներուն եւ ձերբակալուածներուն: Երիտասարդները երթը սկսան քաղաքի թատերական հրապարակէն եւ շրջեցան կեդրոնական փողոցներով` կոչ ուղղելով կիւմրեցիներուն դուրս գալ եւ պայքարիլ իրենց հետ: Ցուցարարները նաեւ ոստիկանութեան յորդորեցին միանալ երթին եւ ըլլալ ժողովուրդին կողքին: Անոնք նաեւ պահանջեցին ազատ արձակել ձերբակալեալները, ներառեալ Կիւմրիի լրագրողներու Ասպարէզ ակումբի գլխաւոր Լեւոն Բարսեղեանը։






