Կիրակի, 14. 09. 2025

spot_img

Արամ Ա Վեհափառի Հովուապետական Այցելութեան Հանգրուանները Հիւսիսային Սուրիա «Սուրիահայ Գաղութը Պիտի Գոյատեւէ ու Բարգաւաճի». Արամ Ա.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.- Վեհափառ Հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջան հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն։ Վեհափառ Հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից՝ «Արարատ» սրահէն հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց թէ. «Հարիւր տարիներ առաջ հայը Թուրքիոյ մէջ երբ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն։ Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր երկրին։ Ան պիտի մնայ, գոյատեւէ ու բարգաւաճի»։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթը։

Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Լաթաքիոյ նահանգապետը՝ բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ շեշտելով, որ հայ տարրը Սուրիան պաշտպանելու համար առաջապահ դիրքի վրայ գտնուեցաւ եւ տուաւ բազմաթիւ նահատակներ։

Վեհափառ Հայրապետը թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին պարգեւեց օծման կարգին յարմար պանակէ մը, իսկ սրբազան հայրը, առիթը առաւել քաղցրացուց օրուան առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակի հատումով։

Կարկանդակի հատման մասնակցեցան օրուան հիւրերը՝ Լաթաքիոյ նահանգապետը, ոստիկանապետը, կուսակցապետը եւ իսլամ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ։
Ներկայ էին նաեւ

Ուշագրաւ էր սուրիական լրատուամիջոցներու խիտ ներկայութիւնը։

**

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ կը շարունակուի: Վեհափառ Հայրապետը արդէն հասաւ Կիլիկեան Քեսապ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին: Վեհափառ Հայրապետը իր հովուական պատգամը ամբողջովին նուիրեց Քեսապի պատմական ու պահանջատիրական կարեւորութեան, անցած դէպքերուն եւ քեսապցիներու վերականգման կամքին:

Հանդիպման աւարտին կատարուեցաւ աջահամբոյր:

Աւելի ուշ, Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելեց բանակումի համար Քեսապ գտնուող Սուրիահայ Երիտասարդաց Միութեան անդամներուն եւ Ազգ. Պատսպարանի սաներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին