Դասական եւ ժամանակակից տարազները` մէկ հարթակի վրայ. Օգոստոս 5-ին, ժամը 19.00-ին Հիւսիսային պողոտայի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Երեւան տարազ Ֆէսթ»-ը` տարազի փառատօնը: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ տարազի առաջին փառատօնը տեղի ունեցած է անցեալ տարի` «Երեւանեան ամառ» ծրագրի ծիրէն ներս `Տէրեան մշակութային կեդրոնի աջակցութեամբ:
Հիւսիսային պողոտայի մէջ կը ստեղծուի յատուկ տաղաւար, ուր կը ցուցադրուի Երեւանի պատմութիւնը: Առանձին տաղաւարով կը ներկայանայ նաեւ «Մարաշլեան» լուսանկարչական արուեստանոցը, ուր փափաքողները կրնան լուսանկարուիլ հայկական տարազներով, կը գրէ armradio.am-ը: