Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Արցախի Ճակատին Վրայ Ազրպէյճանական Կողմը Կրկին Զինադադարը Խախտած Է

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան` Ակնայի ուղղութեամբ, հակառակորդը բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ, զինադադարի դրութիւնը խախտած է նաեւ 60 միլիմեթրնոց ականանետէ, հայկական դիրքերու վրայ արձակելով 2 արկեր: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նշուած ժամանակահատուածի մէջ ազրպէյճանական զինուժը ղարաբաղեան յառաջապահ ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոցներ: Հակառակորդի ձեռնարկած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք`ղարաբաղեան զինուժը կորուստներ չէ կրած: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը հիմնականօրէն ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ հակաքայլերու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: Շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հայկական ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկողութեան ու հակակշռի տակ պահել իրավիճակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին