*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ի տես Հայրենիքի մէջ ծաւալող վերջին իրադարձութիւններուն, ան որքան կ’երկարի այնքան աւելի կը համոզուիմ, որ հակառակ «Սասնայ Ծռեր» կոչուող խմբակին ջանքերուն՝ իրենց շարժման քաղաքական բնոյթ տալու, անոնք ըստ ինծի չունին քաղաքական կառուցողական լուրջ ծրագիր…: Փողոցի քաղաքացիական շարժումը չունի քաղաքական գործիչներ: «Շարժումը» չունի նաեւ քաղաքական օրակարգ: Սկսած եմ այն տպաւորութիւնը ունենալ, որ ան հարսանիք մըն է, ուր ոչ հարս կայ, ոչ ալ փեսայ, եւ ուր որ է հարսնեւորներուն օշարակ մը կամ գաւաթ մը սուրճ պիտի հրամցնեն ու ճամբու դնեն…:
Սխա՞լ եմ:
Կ’ըսեն, որ այս եղածը կայծն է, եւ ուր որ է ժողովուրդը զայն պիտի վերածէ հսկայ կրակի: Բայց ինչ որ կը տեսնեմ ու կը լսեմ, բարեկամներէ, լուրերէն, թէ ընկերային համացանցէն, եղած չեղածը լոզունգ մըն է՝ «Սերժիկ հեռացիր», «Սերժիկ հեռացիր» ու անկէ անդին անցած չունի այս կայծն ու կրակը…:
Կը հասկնա՞ս զիս սիրելի ընթերցող: Քաղաքական շարժում մը կ’ունենայ քաղաքական յստակ բովանդակութիւն: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը թագաւորական կարգերը փլուզելէ անդին ունէր քաղաքական լուրջ կարգախօս, որ յեղափոխութենէն ետք ծլելիք հանրապետութեան ուղեգիծն էր՝ «Ազատութիւն, Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն»: Մեր «Սասնայ Ծռեր»ունը՝ «Սերժիկ հեռացիր, Սերժիկ հեռացիր» է …: «Սերժիկը» ըսենք թէ հեռացաւ եղբայր, յետոյ ի՞նչ պիտի ընեն մեր «Սասնայ Ծռեր»ը…: Յստակօրէն չկայ ծրագիր: Ասոր մէջ կը կայանայ աղէտը՝ Անկազմակերպուածութիւնը… եւ հետեւաբար Ձախողութիւնը:
Սակայն այս ի՞նչ կը նշանակէ: Այս կը նշանակէ, որ «Սասնայ Ծռեր»ուն սկսած շարժումին նման շարժում մը, մեր Հայրենիքին մէջ ժողովուրդին ներքին զարգացումներուն կամ քաղաքական հասունութեամբ չէ, որ առաջ կը տարուի՝ այլ դուրսը գծուած ծրագիրներով կրնայ ընթանալ…: Եթէ արդէն չկան, պիտի ըլլան երկիրներ եւ գաղտնի սպասարկութիւններ, որոնք պիտի օգտագործեն այս «շարժում»ը…:
Ահաւասիկ այս է ամենավտանգաւորը: Այս է պատճառը, որ ես այս «շարժում»ին հետ չեմ կրնար ըլլալ, որովհետեւ գիտեմ ինչ կը նշանակէ սահմաններէն դուրս գծուած ծրագիր…: Գիտեմ անոր նիւթաբարոյական գինը եւ ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ, ԳԻՏԵՄ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ ԹԱՓՈՒԵԼԻՔ ԱՐԵԱՆ ԳԻՆԸ… ՎԿԱՅ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»Ը…։
Աստուած չընէ, որ այս պարագան վերը շեշտածիս նման ըլլայ, որովհետեւ եթէ պատահի, որ Աստուած մի արասցէ այդպէս ըլլայ՝ այդ կը նշանակէ՝ խաչ Հայրենիքին ալ, Հայ ժողովուրդին ալ վրայ…:






