Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առընչութեամբ Եգիպտոսի Խորհրդարանէն Դրական Ազդակներ Կու Գան

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առընչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական ազդակներ կու գան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի,   նշած է Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեան:

«Տարիներ շարունակ մեր կողմէն աշխատանք կը տարուի, Հայոց Ցեղասպանութեան իրական պատկերը կը ներկայացնենք հասարակութեան տարբեր շրջանակներու` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ գիտական: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ, դրական տրամադրուածութիւն կայ, ներառեալ` պատգամաւորներու մէջ: Ատոր գումարած՝ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ են, քանի որ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կ’ապրին դժուար ժամանակներ»,- նշած է Արմէն Մազլումեան` ընդգծելով, որ ներկայիս Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման հաւանականութիւնը մեծ է:

Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ թրքական լոպպիի աշխատանքին՝ Արմէն Մազլումեան նշած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման հետ կապուած՝ լոպպիի աշխատանքը բաւական կրաւորական դարձած է: Արմէն Մազլումեան յիշեցուցած է, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարուած է:

Նշենք, որ Եգիպտոսի խորրհդարան ներկայացուած է բանաձեւ մը, որ 1915-1922 Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացուած կոտորածները կ’որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Բանաձեւը խորհրդարանի նիստի օրակարգ մտնելու համար արդէն հաւաքած է պատգամաւորներու անհրաժեշտ քանակով ստորագրութիւն: Եգիպտոսի խորհրդարանը բաղկացած է 596 պատգամաւորներէ, իսկ բանաձեւին տակ ստորագրած է 337 պատգամաւոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին