*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ գիշեր աւարտեցաւ այն ինչ, որ պէտք էր աւելի կանուխ աւարտէր նուազ արիւնով, նուազ քաղաքական եւ ընկերային բաժանումներով կամ թեր եւ դէմ հայհոյանքներով:
Երէկ գիշեր (ինչպէս ակնկալելի էր) աւարտեցաւ «Սասնայ Ծռեր»ու շատ վտանգաւոր արկածախնդրութիւնը, որ այնպէս ալ չունեցաւ գոնէ այդ տղոց պատկերացուցած ժողովրդական շարժումը՝ ի զօրակցութիւն իրենց կատարածին:
Բարեբախտութիւն մըն է, որ ոստիկանութեան յատուկ ռազմավարութեան շնորհիւ, զինեալ արկածախնդրութիւնը զինեալ եւ կարծր միջամտութեան մը կարիքը չունեցաւ, որու ընթացքին աւաղ պիտի հոսէր հայու արիւն հայու ձեռքով:
Ի՞նչ կը մնայ ընել: Ժողովրդային մակարդակով կը մնայ շրջանցել այդ ահռելի երկուութիւնը, որ այս վերջին երկու շաբաթը ստեղծեց ինչպէս Հայրենիքի, նաեւ Սփիւռքի մէջ: Ընկերային համացանցի վրայ աներեւակայելի էր երկուութիւնը, փոխադարձ հայհոյանքը, զիրար ապազգային հռչակելը, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան անտեղի դասերը, զորս միեւնոյն ազգի՝ յաճախ միեւնոյն կուսակցութեան կամ ընտանիքի անդամները իրար տուին:
Հայրենի պետութեան մակարդակով կը մնայ պատահածը ընկալել՝ որպէս ահազանգող (alarming) երեւոյթ եւ երկրին պայմաններուն կարելիութեան սահմաններուն մէջ կիրարկել ընկերային արդար ճարտարապետութիւն մը (social engineering) ` մեղմացնելու ժողովրդային կարգ մը զանգուածներու մաղձը հանդէպ Հայրենի իր պետութեան, որուն արդիւնքը կ’ըլլայ աւելի ամուր եւ միակամ հաւաքականութիւն՝ ի շահ եւ ի յաւերժութիւն մեր սիրելի Հայրենիքին:
Բարի լոյս սիրելի ընթերցող: