Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Խնդանք Թէ՞ Լանք…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մինչ լիբանանցի քաղաքացին զբաղած է միջազգային մրցանիշերու Կինես գիրքին մէջ նոր մրցանիշեր արձանագրելու, ինչպէս՝ ամենամեծ չափով թապպուլէի կամ համմոսի պնակը, կամ ծոթրինով (զաաթար) հացը կամ ֆէլէֆիլի սանտուիչը պատրաստելով… իսկ Լիբանանի պետութիւնն ալ փտածութեան մրցանիշեր հաստատելու… Հնդկաստանի պետութիւնը նոյն գիրքին մէջ մրցանիշ արձանագրելու համար, վերջերս ձեռնարկած է 24 ժամուայ ընթացքին, երկրին մէջ 50 միլիոն ծառ տնկելու արշաւի, որուն իրագործումին համար կամաւոր քաղաքացիներ գործի լծուած են եւ ատենին աւարտած այս անզուգական աշխատանքը…:

Մրցանիշ արձանագրելու համար երկու երկիրներուն օգտագործած միջոցներն ու անոնց նպատակներուն պիտանելիութիւնը համեմատելը անյարմար է՝ չըսելու համար ամօթ է անշուշտ…:

Այն ալ չմոռնամ ըսելու, որ համաշխարհային բնապահպանութեան եւ կենսոլորտի մաքրութեան համար այս ծրագիրը յաջողցուցած հնդիկ ժողովուրդին ալ՝ իր աղբերէն լման չազատած լիբանանցին գերադասի աչքով կը նայի…:

Խնդանք թէ՞ լանք սիրելի ընթերցող…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին