Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Մեռան, Որ Ապրինք» («They Died So We May Live») պալէյի տեսանիւթը, 2016-ի Յունիս 4-ին արժանացաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ «Էմի» մրցանակին, Արուեստներու յատուկ յայտագիրներու բաժանմունքին մէջ։ Նոյն բաժանմունքէն ներս, տեսանիւթը թեկնածու դարձած է Ազգային «Էմի» մրցանակին, որ կը տնօրինուի Արուեստներու եւ գիտութեանց պատկերասփիւռի ազգային ակադեմիոյ կողմէ։
«Մեռան, Որ Ապրինք»ի գործադիր արտադրողներն են Տայէն եւ Չարլզ Փասքերեաններն ու Դաւիթ Կարապետեանը։
11 վայրկեաննոց սոյն պալէի գաղափարը յղացած է՝ Սան Ֆրանսիսքոյի պալէի խումբի գլխաւոր պարողներէն մէկը հանդիսացող Դաւիթ Կարապետեան. անիկա նկարահանուած է շրջանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան դարձած Տէյվիտսըն լերան խաչին առջեւ եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի ծովեզերեայ Պէյքըր շրջանին մէջ։
Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ մէկ տարի տեւած պատրաստութեանց մասնակցած են Սան Ֆրանսիսքոյի պալէի խումբէն 14 պարողներ, ներառեալ գլխաւոր պարող Վընեսա Զահորեան։ Ծրագիրին նեցուկ կանգնած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շրջանի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Տէյվիտսըն լերան խաչ-յուշարձանի հոգատար՝ Ծովածոցի ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդը։
Տեսանիւթը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=ev3sJv_azHw կայքէջին վրայ։