«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս՝ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, Յուլիս 26-ին տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան, Յունաստանի, Իրանի եւ Արցախի պարախումբերու եւ անհատ կատարողներու համատեղ համերգը` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը։
Թեհրանի, Յունաստանի, Ս. Փեթերզպուրկի, Կրասնոտարի, Մայկոբի, Սոչիի, Տոնի Ռոստովի պարախումբերու, Ստեփանակերտի պարարուեստի քոլէճի, Յակոբ Քիւրճեանի անուան արուեստի դպրոցի, «Արցախ» ազգագրական եւ Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբերու եւ «Արցախի ձայներ» նախագիծին մասնակիցները, համերգին ներկայացուցած են հայկական ժողովրդական պարեր:
«Մասնակցելով Հայաստանի մէջ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» փառատօնին` մենք իրականացուցինք մեր երազանքը` առաջին անգամ այցելելով Արցախ, որ տեսնելու մեծ ցանկութիւն ունէին պարախումբի բոլոր մասնակիցները: Պարախումբը կը գործէ 2007 թուականէն: Ընդհանուր առմամբ պարախումբի մէջ ընդգրկուած են 5-20 տարեկան 120 երախաներ, սակայն այսօր այստեղ ենք միայն 40 մասնակիցներով: Մեր սաներուն կը սորովեցնենք հիմնականօրէն հայկական պարեր: Ապրելով Հայրենիքէն դուրս` մենք կը փորձենք հայ մշակոյթը ըստ արժանւոյն ներկայացնել մեր երախաներուն», ըսած է ՌԴ Մայկոբ քաղաքի «Վարդանանք» եւ «Նայիրի» պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Սիւզաննա Բաբայեան ու աւելցուցած, որ պարախումբը կը գործէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից:
Մայկոբ քաղաքի «Նայիրի» խումբի պարուհի Անահիտ Միքայէլեան նշած է, որ իրենց խումբին մէջ ներգրաւուած են 70 հոգիներ: «Այստեղ եկած ենք 26 հոգիներով: Շաբաթական երկու անգամ փորձեր կ՛ընենք: Մենք հայրենասիրութիւն կը համարենք նաեւ հայկական մշակոյթը պահել-պահպանելը` պարի միջոցով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներկայացնելով», նշած է Ա. Միքայէլեան:
ՌԴ Տոնի Ռոստովի «Զուարթնոց» խումբի պարուհի Կարինէ Դանիէլեան ընդգծած է, որ իրենց խումբը եւս առաջին անգամ է Արցախի մէջ եւ իրենք հիացած են Արցախով ու արցախցիներով: «Պարախումբը ստեղծուած է 2014-ին: Այնտեղ ընդգրկուած են 15-33 տարեկան 60 հոգիներ», աւելցուցած է Կ. Դանիէլեան եւ նշած, որ պարախումբը կը գործէ Սուրբ Յարութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից:
Համերգին իրենց լաւ մասնակցութեան համար՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Եսայեանց, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրերով ու հաւաստագրերով պարգեւատրած է թէ՛ պարախումբեր եւ թէ՛ անհատ կատարողներ:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքի վարչութեան բաժինի պետ Անահիտ Զոհրապեան, արտերկիրէն ժամանած հիւրեր եւ այլք: