Հայաստանի Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ իրաւապահներուն յանձնուած են զինուած խումբի անդամներ Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը:
«Տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդին` Արամը: Երեքն ալ անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն հրաձգութիւնը դադրած է եւ տեղի կ’ունենան բանակցութիւններ` զինուած խումբի անդամներուն յանձնուիլը աւարտին հասցնելու համար», գրած է Աշոտ Ահարոնեան իր «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ:
Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ «Սասնայ ծռեր» «Ֆէյսպուք»-ի էջը` մասամբ հաստատելով ոստիկանութեան ներկայացուցիչին հրապարակած տեղեկատուութիւնը: Էջին վրայ նշուած է, որ ոստիկանները մուտք գործած են գունդի տարածք, վիրաւորուած են Պաւել Մանուկեանը, Արամ Մանուկեանը, Գէորգ Իրիցեանը եւ հաւանաբար խումբի այլ անդամներ: «Ոստիկանները առեւանգած են Պաւելը, Արամը, Գագիկ Եղիազարեանը եւ խումբի եւս մէկ անդամ», ըսուած է «Սասնայ ծռեր» «Ֆէյսպուք»-ի էջի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: