*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
«Զարթօնք»-ի աշխատակից
Տեղ կու տանք մեր աշխատակիցի սրտցաւ պոռթկումով գրուած այս յօդուածին, հոն յայտնուած որոշ տեղեկութեանց շուրջ մեր հարցականները ունենալով։
«Խմբ.»
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած, Էրտողանի կողմէ թատերականացած զինուորական յեղաշրջման անյաջող փորձի յաջորդ օրն իսկ, խումբ մը զինեալներ, գլխաւորութեամբ Պաւլիկ Մանուկեանի, կը ներխուժեն ո՛չ թէ Պաքուի կամ Անգարայի գլխաւոր ոստիկանատուն՝ այլ «հերոսաբար» կը գրաւեն Երեւանի Էրեբունիի յատուկ նշանակութեան, պետական կառոյցներու պահպանման ոստիկանական կեդրոնը, սպաննելով արցախեան պատերազմի հերոս գնդապետ մը եւ վիրաւորելով ու պատանդ վերցնելով իրենց իսկ պետութեան անվտանգութեան բարձրաստճան սպաներ:
Հասկնալի է, որ Հայաստանի մէջ տարիներէ ի վեր, Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, աճած է քրտական-«օլիկարխիկ» հայրենադաւ վերնախաւ մը, ինչպէս Անդրկովկասի թէ Ռուսիոյ, նաեւ Խ. Միութեան նախկին հանրապետութիւններուն մէջ: Արտագաղթ, տնտեսական ճգնաժամ եւ վերջերս տեղի ունեցած ազրպէյճանական անարգ յարձակում, որուն զոհ գացին հայազգի հերոսներ, բացայայտուեցան նաեւ լուրջ խախտումներ ու սխալներ՝ հայկական բանակի որոշ ղեկավարներու կողմէ: Սակայն եւ այնպէս, շատ վտանգաւոր իրավիճակի մէջ գտնուող հայ-ազրպէյճանական սահմանը թողելով, Արցախի հերոս Վիթալի Պալասանեան ժամանեց Երեւան եւ բանակցութիւններու միջոցաւ ազատ արձակեց Պ.Պ.Ծ. գունդի կեդրոնին մէջ պատանդ վերցուած բարձրաստիճան հայ ոստիկանները, որպէս «շնորհակալութիւն» ստանալով «ստախօս» մակդիրը, իրենք-զիրենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի տէր-տիրական կարգած, իբր թէ Մայր Հայրենիքի փրկութեամբ «տառապող» ընդդիմադիրներու կողմէ: Աւելին, անոնք կրակի տուին հայ պետութեան պատկանող քանի մը ոստիկանական մարդատարներ եւ ինքնաշարժներ, մինչ համացանցի եւ «ֆէյսպուք»ի ամէնօրեայ կոչերէն ետք, սկսան հրատարակուիլ «քոքթէյլ մոլոթով» պատրաստելու եւ անոնցմով հայ ոստիկանները հարուածելու, շէնքեր եւ վաճառատուներ կրակի տալու դիւային ծրագիրներ:
Նոյն «սէնարիօ»ն է Իրաք թէ Սուրիա, Աֆղանիստան թէ Հայաստան: Յանկա՛րծ ամիսներէ ի վեր «Հայկական Վերածնունդ» կոչուած կազմակերպութիւնը, յստակօրէն ֆինանսաւորուած յայտնի թէ գաղտնի հետախուզական վարչութիւններու կողմէ, իր լուսանցքային իրավիճակէն դուրս կու գայ կեդրոնական հրապարակ, լուսարձակներու տակ, նոյնիսկ Եւրոպական Միութիւնը յանկարծ կը յիշէ, թէ Հայաստանի մէջ պէտք է ժողովրդավարութիւն հաստատուի, Ռուսիան պէտք է «ձեռքը քաշէ» Հայաստանէն, Իրանի իսլամական հանրապետութիւնն ալ պէտք չէ միջամուխ ըլլայ եւայլն…:
Մօտիկէն ծանօթ ըլլալով Ժիրայր Սէֆիլեանին, Ալեք Ենիգոմուշեանին եւ Գարեգին Չուքասզեանին հետ, որոնց հայրենասիրութեան վրայ կասկած չունինք, անհասկնալի է Հայաստանի հանրապետութեան մակարդակով այսպիսի ահաբեկչական գործողութեան ծաւալումը, Հայաստանի որոշ քրտածին ղեկավարներուն դէմ պայքարելու պատրուակով: Զարմանալի է նաեւ Հայաստանի պետութեան «փափուկ» մօտեցումը կնճռոտ հարցին, երեւի յաւելեալ արիւնահեղութենէ խուսափելու կամ երկիրը նոր տագնապի մէջ չմխրճելու համար:
Սպառնալիքները կը շարունակուին, իսկ Հայաստանը քաղաքացիական պատերազմի մէջ մխրճելու ջանքերը չեն դադրիր։ Միշտ երբ կը դիտենք «Հայֆիլմ»ի գլուխ գործոց «Սարոյեան եղբայր»ները եւ գնդակահարութեան դատապարտուած «Հայկ»ը, որ մարգարէաբար «գնդապետ Սիւրմէլեան»ին խօսքը ուղղելով կը խնդրէ հեռանալ, որովհետեւ «Հայաստան չի՛ Լինելու»:
Դէպի ո՞ւր կերթանք…: Մեր շուրջը գազաններ են, իսկ մենք զիրար բզկտելով, Մայր Հայրենիքը քարուքանդ ընելու կոչերով ո՞ւր պիտի հասնինք…: