*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Մարմնանկարչութիւն (Bodypainting)
Տեսողական արուեստի բնագաւառին մէջ՝ գեղանկարչութիւնը հինէն ի վեր մեծապէս գնահատուած եւ փնտռուած մարզ մը եղած է։ Աւանդական ըմբռնումով, գեղանկարչութիւնը կ’ըլլայ կտաւի վրայ՝ իւղաներկով կամ ջրաներկով։
Վերջերս, վէտքը (tattoo) սկսաւ համաճարակի նման տարածուիլ աշխարհով մէկ։ Կտածումը (tattooing)`որ կը նշանակէ մորթի վրայ նկարնել դրոշմել, դարձաւ վերջին նորոյթը երիտասարդներու մօտ։
Մեր այսօրուայ նիւթը սակայն կտածումէ աւելի մարմնանկարչութինն է, որ կը ներառէ ամբողջ մարմինը (տես առաջին նկարը): Արդարեւ, Աւստրիոյ Poertschach on lake Woerthersee քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի տարեկան մարմնանկարչութեան եռօրեայ փառատօնը՝ Յուլիս 1-էն սկսեալ։
Վերոյիշեալ փառատօնին մասնակցեցան 50 երկիրներէ ժամանած արուեստագէտներ եւ 30 հազար հանդիսատեսներ։ Հետեւեալ նկարը ցոյց կու տայ (տես երկրորդ նկարը) երկու արուետագէտներ՝ աշխատանքի պահուն։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ փառատօնի մուտքի գին սահմանուած էր 34 եուրօ՝ մէկ օրուայ համար, իսկ 69 եուրօ՝ երեք օրուայ համար։ Ինծի համար մութ մնաց սակայն թէ մարմնանկարչութեան ենթական որքան պէտք է վճարէր արուետագէտներուն, անոնց տարած նուրբ աշխատանքին համար . . .
Շատ լաւ գիտենք, որ արուեստագէտները պէտք է քայլ պահեն ժամանակին հետ, սակայն կերպասը փոխարինել մարդկային մարմինով՝ քիչ մը չափազանցութիւն է, չէ՞ք խորհիր։ Չմոռնանք որ մարմնանկարչութիւնը մնայուն արուեստ մը չէ՝ այն իմաստով որ երբ լոգնաս, կ’անհետի։ Ուրեմն ինչ արժէք կրնայ ներկայացնել ան!
Տապան՝ Զբօսայգիին մէջ (Ark in the Park)
Միացեալ Նահանգներու Քէնթաքի նահանգի Ուիլեմսթաուն քաղաքի մէկ զբօսայգիին մէջ Յուլիս 7-ին բացումը կատարուեցաւ Նոյեան Տապանի կրկնօրինակի մը (տես նկարը), որուն շինարարութիւնը տեւած է վեց տարի եւ արժած՝ 100 միլիոն տոլար։ Այս գումարին 62 միլիոնը գոյացած է շահագործողներէ (investors) եւ 38 միլիոնը՝ նուիրատուութիւններէ։
Վերոյիշեալ տապանի շինութեան գաղափարը յղացած է մի ոմն Քէն Հէմ, որու նպատակը եղած է ծանօթացնել Աստուածաշունչը ժողովուրդին եւ յառաջ մղել «ստեղծագործութեան» թէման, քանի Նոյեան Տապանը յիշատակուած է Ծննդոց Գիրքին մէջ։ Քէն Հէմ հիմնադիրն է Ark Encounter Ընկերութեան, որ շահագործութեան դրած է այդ տապանը։
Սա փայտէ շինուած աշխարհի մեծագոյն կառոյցն է, որ կը բաղկանայ երեք յարկերէ։ Անոր երկարութիւնն է 155 մեթր, լայնքը 26 մեթր եւ բարձրութիւնը 16 մեթր։ Հոն ցուցադրուած կենդանիները թէեւ իրական չեն, սակայն յար եւ նման են իրականի (տես նկարը):
Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ որ նոյն զբօսայգիին մէջ պիտի կառուցուի 900 աթոռէ բաղկացած հանդիսասրահ մը եւ 1,500 հոգինոց ճաշարան մը։ Կ’ըսուի որ այս բոլորը երբ գործածութեան դրուի, գործ պիտի հայթայթէ 20,000 մարդկանց եւ պիտի ստեղծէ չորս միլիոն եկամուտ՝ զբօսաշրջիկներէ գոյացած։
Այս բոլոր դրական երեւոյթները նկատի ունենալով հանդերձ՝ կան դժգոհ անձեր, որոնք կը բողոքեն Սուրբ Գիրքի ուսուցման, հանրային զբօսայգիի մը մէջ։ Անոնք կը պնդեն թէ սահմանադրական կարեւոր օրինագիծ մը՝ պետութեան եւ կրօնքի անջատման (separation of state and religion) առընչութեամբ, կ’անտեսուի այսպիսով ու այս կրնայ վտանգաւոր նախընթաց մը ստեղծել . . .
Նոյն բողոքողները կը պնդեն թէ պետութիւնը պէտք չէ ստեղծէր տուրքէ-զերծ դրութիւն՝ այս կրօնական նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ ան կը խախտէ սահմանադրութեան վերոյիշեալ յօդուածը։
Հոս տեղին է շեշտել թէ ինչ ալ ընես՝ եւ թէ այդ գործը որքանով ալ օգտակար ըլլայ հանրութեան, միշտ դժգոհներ պիտի գտնուին!