Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Տաէշի Պատկանող Զինեալներ Այն Էլ Հըլուէի Մէջ Ազատօրէն Կը Գործեն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջին օրերուն Հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան Այն Էլ Հըլուէ գաղթակայանը դարձեալ Լիբանանի լուրերը գլխաւորեց, երբ Ահմատ Ասիրին կողմնակից՝ լիբանանեան դատական մարմիններէն հետապնդուողներ, գաղթակայանի մուտքին տարբեր հանգրուաններով ինքզինքնին յանձնեցին Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւններուն: Յանձնուողներուն շարքին էր երգիչ Ֆատըլ Շաքէրին եղբայրը, մինչ Ահմատ Ասիրին աջ բազուկը եղող լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ Ֆատըլ Շաքէրը, տակաւին կը մնայ միեւնոյն գաղթակայանի իր թաքստոցին մէջ:

Հակառակ այս ապահովական դրական զարգացումներուն, Այն Էլ Հըլուէ գաղթակայանը միշտ կը մնայ վտանգի կեդրոն, որուն մէջ լիբանանեան պետական մարմինները գործելու արտօնութիւն չունին: Գաղթակայանները կը վերահսկուին տեղական պաղեստինեան խմբաւորումներու կողմէ, որոնք իրենք իրենց միջեւ արդէն համախոհ չեն…:

Իսկ եթէ այս ազդակին վրայ աւելցնենք գաղտնի սպասարկութիւններէ հաստատուած տեղեկութիւններ, թէ Տաէշի պատկանող զինեալներ հոն ազատօրէն կը գործեն, մինչ նմանօրինակ այլ «քնացած խմբակներ» ալ կան, որոնք Տաէշի կամ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ զինակոչի կրնան ենթարկուիլ ի պահանջել հարկին… հարցը բաւական լուրջ կը դառնայ:

Հիմնուելով այս բոլորին վրայ եւ որքան ալ գաղթակայաններու լուրերը դրական թուին, անոնք միշտ ալ պիտի մնան շատ վտանգաւոր որջեր՝ ամէն ժամ սպառնալով Լիբանանի ներքին ապահովութեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին