Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Երեւանի Գրաւուած Ոստիկանատան Շուրջ Սպասողական Վիճակ Կը Տիրէ

Երեւանի Էրեբունիի շրջանի Խորենացի փողոցի վրայ Ոստիկանութեան Պարեկապահակային գունդի կեդրոնը գրաւած՝ Սասնայ ծռեր խումբին ելեկտրական հոսանք, սնունդ եւ բժշկական ծառայութիւններ չեն տրուիր: Այս մասին Խորենացի փողոցին վրայ տեղի ունեցած բացօթեայ ասուլիսի ժամանակ նշեց՝ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան: Անոր խօսքով այդ միջոցառումները իշխանութիւններուն կողմէ կացութեան մագլցումի տանող քայլեր են: «Նախօրէին փորձ կատարուած է մօտենալ տարածքին եւ պատ քանդել։ Այս առաւօտեան մթնոլորտի թեժացման քայլ կատարուած է՝ ռազմական ուղղաթիռը ցածէն թռած է տարածքին վրայ եւ ասոնք ցոյց կու տան, որ վարչախումբը հակում չունի խաղաղ մթնոլորտի մէջ շարունակելու բանակցութիւնները», ըսաւ Ենիգոմշեան զգուշացնելով, որ ամէն վայրկեան կրնան լուրջ զարգացումներ ըլլալ: Այնուհետեւ համակարգող խորհուրդի նախաձեռնող խումբի անունով յայտարարութիւն ընթերցեց Ալպերթ Պաղտասարեան՝ նշելով, որ Սասնայ ծռեր խումբը դիմած է ժողովուրդի ապստամբութենէն բխած իրաւունքի իրացման, իսկ իշխանութիւնները խախտելով բոլոր միջազգային չափանիշերը, կը փորձեն տղաքը մատնել սովամահութեան: «Թափուած իւրաքանչիւր կաթիլ արեան, խեղուած իւրաքանչիւր ճակատագրի համար պատասխանատու է Սերժ Սարգսեանը անձամբ», -ըսաւ ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին