Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ռազմաուսումնական Հաստատութիւններու 2016-ի Շրջանաւարտներու Աւարտական Հանդիսութեան Մասնակցեցաւ

Հայաստանի նախագահ եւ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ Հայ զինուորի մարտական ոգին բարձր է, բայց նորընծայ սպաներուն շնորհիւ անիկա պէտք է բազմապատկուի: Սարգսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-ի շրջանաւարտներու աւարտական  հանդիսութեան ժամանակ նաեւ ըսաւ, «դուք ընտրած էք զինուորականի մասնագիտութիւն երկրի մը մէջ, որ արդէն 25 տարիներէ ամէն օր կանգնած է պատերազմի սպառնալիքի առաջ։ Ասիկա մեր իրականութիւնն է։ Այսօրուընէ մեր ժողովուրդը նաեւ անձամբ ձեզի կը վստահի իր անվտանգութիւնը եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքի իրականացումը»: Սարգսեան նաեւ շրջանաւարտ զինուորականներուն ուղղելով խօսքը նշեց, «ձեր թիկունքը կանգնած են ոչ միայն ձեր ընտանիքները, այլ նաեւ երկիրն ու Մատենադարանը։ Մատենադարան կը նշանակէ քաղաքակրթութիւն, որուն համահեղինակը, կրողն ու ներկայացուցիչը մենք ենք։ Այդ քաղաքակրթութիւնը իր մէջ կը պարունակէ արժէքներ եւ այդ քաղաքակրթութեան դէմ են բռնութիւնն ու արիւնայեղութիւնը, բիրտ ուժն ու տմարդիութիւնը, անհանդուրժողականութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»: Սարգսեանի խօսքով Հայ զինուորականի, սպայի պատուոյ վարքականոնը արձանագրուած է վաղուց եւ առկայ է նոյն Մատենադարանին մէջ ու նորընծայ սպաները պէտք է ապացուցեն, որ այլ արժէքներն ու գործելաոճը մերը չեն, օտար են եւ անընդունելի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին