*Վարդգէս Գուրուեան*
Նախակրթարանիս մէջ հայերէն կարգ մը բանաստեղծութիւններ գոց կը սորվէինք եւ դասարանին մէջ կ՛արտասանէինք: Միաձայն երգչախումբ մըն ալ ունէինք, որ Շաբաթ օրերը երբ ամերիկացի միսիոնար մը գար քարոզելու, քանի մը հատ հոգեւոր երգեր կ՛երգէինք եւ շատ կ՛ուրախանայինք երբ միսիոնարը գովաբանէր մեզ: Ամավերջի հանդէսին քանի մը արտասանութիւն, քանի մը երգ եւ վերջ:
Մելգոնեանի մէջ գրեթէ ամէն շաբաթ գեղարուեստական ձեռնարկ մը կ’ունենայինք: Բացի դպրոցական ընդհանուր ձեռնարկներէն – թարգմանչաց, Վարդանանք, կաղանդի գեղարուեստական եւ աշակերտական հանդէսներ, Հ.Բ.Ը.Միութեան Օր, թատերական տարեկան մեծ ներկայացում, Ապրիլ 24, երգչախումբի տարեկան համերգ, երգ ու պարի տարեկան ելոյթ, ասմունքի, երգի, գծագրութեան եւ շարադրութեան մրցանքներ, եւայլն: Կային դասարանային ձեռնարկները: Ամէն դասարան թատերական բեմադրութիւն մը եւ հայ հեղինակ մը կը ներկայացնէր: 7 դասարան` 14 ձեռնարկ: Կային տակաւին սկաուտական ձեռնարկները, Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներու ձեռնարկները, հիւր արուեստագէտներու ելոյթները, եւայլն, եւայլն, եւայլն: Աշակերտական ձեռնարկներուն, բանախօսութիւններն անգամ աշակերտները կը պատրաստէին եւ կը բանախօսէին: Ամէն Ուրբաթ ունէինք «գրասէր»ներու եւ «երաժշտասէր»ներու հաւաքները, կամաւոր ներկայութեան հիման վրայ։
Արտասանական եւ երգի մրցումներուն նախորդող օրերուն, վերի կարգերու աշակերտները կ’օգնէին փոքրերուն: Շարադրութիւնները ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէին, բազմիցս կը սրբագրուէին նախքան դատական կազմին յանձնուիլը: Գծագրութեան նիւթը կը տրուէր տեղւոյն վրայ, եւ տղաքը հազիւ մէկ ժամ կ՛ունենային «ստեղծագործութիւն»ը յանձնելու: Կը յիշեմ նիւթերէն մէկը Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» գիրքին կողքի նկարը պիտի ըլլար: Այդ մրցումին առաջնութիւնը շահեցաւ Յակոբ Վարդանեանը: Մրցոյթները կորսնցնող աշակերտները միշտ կը գանգատէին, որ «դատական կազմը բան մը չի՛ հասկնար, ե՛ս պէտք էր առաջին ելլէի…»։
Դասարանային ձեռնարկներուն համար ժողովներ տեղի կ՛ունենային: Շատ լուրջի կ՛առնէինք այդ ժողովները: Եթէ բախտաւոր ըլլայինք, աղջիկներն ալ կը մասնակցէին այդ ժողովներուն…։ Եւ արդէն կը սկսէինք հեղինակաւոր կարծիքներ յայտնել, մէջբերումներ կատարել, ինքզինքնիս «ամենագէտ» ցոյց տալ: Աղջիկներուն հետ եղած ժողովները, ինչու չեմ գիտեր, միշտ կ՛երկարէին եւ ուրիշ ժողովներու ալ պէտք կ՛ունենայինք…։
Բարի մրցակցութիւն մը կար: Պրն. Վահրամ Մավեանը խօսքերուն եւ բանաստեղծութիւնները ընտրելու բաժինին վրայ կը հսկէր, Պրն. Սեպուհ Աբգարեանը՝ երգերը կը սորվեցնէր, բեմայարդարումին կ՛օգնէր, գեղարուեստական բաժինը կը պատրաստէր, մինչ դասարանի դաստիարակը եւ «փորձառու» աշակերտները կը համադրէին միջոցառումը: Պրն. Մավեանը միշտ կ’ըսէր, որ «հաճոյքը ձեռնարկը պատրաստելուն մէջն է», եւ իրապէս ալ այդպէս էր:
Մանաւանդ թատերական ձեռնարկներու ժամանակ սքանչելի առիթ էր աղջիկներուն հետ միասին փորձ ընելու: Ամէն oր ժամը 4:00-էն 5:15 եւ 6:30-էն 7:00 եւ քիչ մըն ալ աւելի, հանդիսասրահ կ՛երթայինք «փորձ» ընելու: Եւ քանի որ աղջիկներուն «աչքը մտնել» կար, մեր կարելին կը փորձէինք՝ մեր լաւագոյնը տալու: Արդիւնք` աշակերտական մակարդակէն շատ աւելի բարձր որակով ձեռնարկներ կը ներկայացնէինք:
Կ՛արժէ հոս յիշել, որ 1960-ական թուականներու առաջին կիսուն, Համբարձում Տրամէրեանը ունէինք որպէս սքանչելի դերասան: Մինչեւ անգամ տղոց մէջ խօսք տարածուած էր, որ «Հոլիվուտէն զինք ուզած են, պայմանաւ որ անունը փոխէ, բայց Համբիկը մերժէր է անունը փոխել եւ Հոլիվուտ չէ գացած»: Կարեւոր չէր այս խօսքին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը, կարեւորը՝ որ այսպէս լաւ, հա՛յ տղայ մը ունէինք, եւ մենք հպա՛րտ էինք իրմով:
Շաբաթ կեսօրէ ետք պէտք էր բեմը պատրաստէինք: Բազմաթիւ անգամներ, առանց պատճառի, աղջկանց շէնքէն մանչերու շէնքը կ՛երթայինք, իբր թէ կարեւոր գործով:
Թատերական ներկայացումները յաճախ երգիծական կտորներ կ՛ըլլային: Տարի մը շատ «զէվզէկ» եւ անկարգ դասարան մը թատերական կտոր մը պիտի ներկայացնէր: Փորձերը շատ գաղտնի կ՛ընէին: Ամէնքս ալ կը կարծէինք, որ նորէն երգիծական կտոր մը պիտի ներկայացնեն: Տղաքը ֆրանսական գրականութենէն առնուած ողբերգական կտոր մը ներկայացուցին…: Սրահին մէջ ամէն մարդ կու լար: Երբ վերջացաւ ծափահարութիւններէն սրահը պիտի փլէր:
Մինչեւ 1964 հին բեմին վարագոյրի կողքի փայտեայ պատերուն վրայ, զանազան մեծութիւններով ծակեր բացուած էին ժամանակի ընթացքին (ինչպէ՞ս՝ չենք գիտեր…) եւ անկէ կրնայինք աղջկանց ննջարանին պահարաններուն կռնակները տեսնել եւ…։ Պատանի էինք, Աստուած մեզի երեւակայութիւն տուած էր, եւ մենք առիթը չէինք փախցներ այդ շնորհքը օգտագործելու:
Գեղարուեստական ձեռնարկներուն պարփակները ընդհանրապէս նման էին իրարու: Բացման խօսք, արտասանութիւններ, երբեմն ասմունք՝դաշնակի ընկերակցութեանբ, երբեմն ասմունք-երաժշտութիւն-պար միաձուլուած, երգեր, դաշնակի վրայ նուագ, ընթերցում, մենախօսութիւն, բանախօսութիւն, երբեմն «կենդանի պատկեր», մենապարեր, երգչախումբ, խմբային պարեր եւ՝ փակման խօսք (Տնօրէնը):
Մելգոնեանը երկու երգչախումբ ունէր, Պրն. Վահան Պէտէլեանինը (դասական) եւ Պրն. Սեպուհ Աբգարեանինը (տաք, արագ, արդիական): Երգչախումբի փորձերը տեղի կ՛ունենային աղջկանց շէնքին՝ երգչախումբին համար մասնաւոր պատրաստուած դասարանին մէջ:
Պրն. Վահան Պէտէլեանը աքսորի ճամբաները չափած մարդ էր: Բարեբախտաբար ջութակ մը ունէր եւ կը պատմէր, որ այդ ջութակին պատճառով յաջողած էր՝ Տէր Զօրի ճանապարհին իր ընտանիքի անդամները եւ ուրիշներ ստոյգ մահէ փրկել: Կը գուրգուրար այդ ջութակին վրայ: (Այդ ջութակը պէտք է Երեւանի Ցեղասպանութեան Թանգարանին յանձնուի, եթէ տակաւին Պէտէլեան ընտանիքին քովն է):
Շաբաթ օրերը միայն երեք պահեր ունէինք: Դասերէն անմիջապէս ետք երգչախումբի անդամներս աղջկանց շէնք կ՛երթայինք՝ փորձի: Չեմ գիտեր ինչպէս եւ երբ, ես սկսած էի Պրն. Պէտէլեանին ջութակը մանչերու շէնքէն աղջկանց շէնք տանիլ: Շատ համեստ մարդ էր: Օր մը ըսաւ, որ չէր ուզեր ինծի նեղութիւն պատճառել, թէ ինք կրնար իր ջութակը տանիլ: Ըսի. «Պրն. Պէտէլեան, պիտի գայ օրը երբ ես հպարտութեամբ պիտի ըսեմ, որ Ձեր ջութակը շալկած եմ»։ Ժպտաց:
Եւ ահա եկաւ այդ օրը:
Այսօր, ամենայն հպարտութեամբ բայց ակնածանքով, մեծ ուրախութեամբ եւ պարծանքով կը յայտարարեմ. «Ես, Վարդգէս Գուրուեանս, Պրն. Վահան Պէտէլեանին ջութակը շալկած ըլլալու պատիւին արժանացած եմ»։ Ջութակ մը, որ Տէր Զօրի անապատներէն անցած է եւ բազմաթիւ հայերու կեանքերը փրկած, մանաւանդ Պրն. Վահան Պէտէլեանին կեանքը:
Մելգոնեանի երգչախումբը ղեկավարութեամբ Պրն. Վահան Պէտէլեանին շատ նշանաւոր էր Կիպրոսի մէջ: Ժամանակին կղզիին միակ եւ լաւագոյն երգչախումբը ըլլալուն, ելոյթներ կ՛ունենար կղզիին պետական – պաշտօնական գրեթէ բոլոր մեծ միջոցառումերուն եւ ընդունելութիւններուն: Տարեկան համերգի ելոյթներուն, Մելգոնեանի սրահը «լեփ-լեցուն» կ՛ըլլար:
Փորձերու ժամանակ սկիզբի տասը վայրկեանները ահաւոր աղմուկ կ՛ըլլար երաժշտանոցին մէջ: Առիթ էր, աղջիկներն ալ եկած կ՛ըլլային զանազան եւ զարմանազան բոյրերով, եւ ուրեմն բարձրաձայն «խօսելով» մեր ներկայութիւնը պիտի յայտարարէինք: Պրն. Պէտէլեանր գիտէր… կը սպասէր եւ ապա կը սկսէր ջութակին վրայ դասական կտոր մը նուագել: Հազիւ վայրկեան մը անցած, լուռ էինք արդէն եւ «Լօ՛- լօ՛ -լօ՛-լօ՛- հոփինա հէ՜, հո՛փ- հո՛փ- հո՛փ» – պասերը, թէնորները, ալթոները, սոբրանոները – եւ քառաձայն երգչախումբը կեանքի կու գար:
Եռուն էր Մելգոնեանի գեղարուեստական կեանքը:
Եւ այսպէս, շնորհիւ մեր արուեստասէր ուսուցիչներու իմաստուն եւ նուիրեալ առաջնորդութեան, գիտռկցաբար թէ անգիտակցաբար, Մելգոնեանցիներուս հոգիները լեցուեցան հայրենասիրութեամբ, արուեստի զանազան բնագաւառներու գեղեցկութեանբ եւ ճաշակով, հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի հանդէպ սիրով, եւ կամաց- կամաց վարժուեցանք բեմին: Շրջան մը Միջին Արեւելքի բեմերը լեցուած էին Մելգոնեանցիներով, Մելգոնեանցիներու կազմակերպած ձեռնարկներով: Այսօր երբ Մելգոնեանցիներս գեղարուեստական ձեռնարկներու ներկայ կ’ըլլանք, միշտ կը բաղդատենք անոնց մակարդակը Մելգոնեանի ձեռնարկներու մակարդակին հետ, եւ…։
Ձեր վարձքը կատար, ազնի՜ւ ուսուցիչներ: