Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղին մէջ, Յուլիս 21-ին հակառակորդը կրակած է դպրոցին յարակից խաղահրապարակին ու գերեզմանատան ուղղութեամբ, ուր մարդիկ համեմատաբար շատ եղած են: Բարեբախտաբար տուժածներ, վիրաւորներ եւ զոհեր չկան։ Իսկ գիշերը հանգիստ անցած է: Այդ մասին Panorama.am-ի թղթակիցին յայտնած է Մովսէսի գիւղապետ Արայիկ Աւալեանը:
«Գիշերը մինչեւ ժամը մէկ ու կէս գիւղին մէջ նստած էի տղոց հետ եւ սպասած, բան մը չեղաւ, տուն գացինք», ըսած է գիւղապետը:
«Դպրոցին մօտ խաղահրապարակ ունինք, երախաները հոն խաղալու ժամանակ կրակած են, նաեւ գերեզմանատան ուղղութեամբ կրակած են, ուր յուղարկաւորութիւն կը կատարուէր: Արարողութենէն յետոյ մի քանի անգամներ կրակեցին ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ եւ ինքնաշարժի մը անթենը կտրուեցաւ», փոխանցած է պարոն Աւալեանը: