Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Կոթողային Նոր Հրատարակութիւն Մը Կիպրահայ Համայնքի Մասին

Շաբաթ, 9 Յուլիս 2016-ին, կիպրական անուանի թերթը՝ Ֆիլելեֆթերոս, շրջանառութեան մէջ դրաւ ամէնէն կոթողային հրատարակութիւն մը որ երբեւէ լոյս տեսած ըլլայ՝ կիպրահայ համայնքի մասին: Հատորը կը բաղկանայ 335 էջերէ եւ կ’ընդգրկէ 650 լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր քարտէզներ, լուսաբանութիւններ եւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ հայ համայնքի պատմութիւնը, անոր ներկայութիւնը ի Կիպրոս՝ անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ այսօր: Գիրքի վերջին մասին վրայ կայ մատենագրութիւնը եւ գիրքի կայացման իրենց նպաստը բերած անձանց անունները:

Այս կոթողային հատորը արդիւնքն է լայնածաւալ հետազօտական աշխատանքի, որ սկիզբ առած է Յունիս 2015-ին լրագրող Անասթասիա Շաքալլիի կողմէ, անխոնջ աջակցութեամբն ու մասնակցութեամբը՝ հետազօտող-բանասէր Ալեքսանտըր Միքայէլ Հաճիլիրայի, որ 2008 թուականէն ասդին համակ խորութեամբ կ’ուսումնասիրէ կիպրահայ համայնքը: Առ այժմ, նշեալ հատորը լոյս տեսած է միայն յունարէնով:

Հատորը կը բաղկանայ տասը գլուխներէ, որոնք են հետեւեալները.

-Պատմութիւն Հայաստանի, հայերու եւ հայեր Կիպրոսի մէջ:
-Պատմութիւն ջարդերու, Ցեղասպանութեան, պատմուածքներ այդ սեւ շրջանէն եւ այլ պատմուածքներ պատերազմական ժամանակաշրջանէն, ներառեալ Հայկական Լէգէոնը:
-Պատմութիւն եւ ներկայութիւն Հայկական Եկեղեցւոյ ի Կիպրոս:
-Պատմութիւն եւ ներկայութիւն Հայ կրթութեան ի Կիպրոս:
-Պատմութիւն եւ ներկայութիւն կիպրահայ ընկերային կեանքի:
-Պատմութիւն եւ ներկայութիւն հայ մարմնամարզանքի, սկաուտներու եւ քաղաքականութեան ի Կիպրոս:
-Պատմուածքներ հայ լուսանկարիչներու, գրողներու, գեղանկարիչներու, երաժիշտներու եւ այլ արուեստագէտներու. Կիպրահայ համայնքի արուեստներն ու մշակոյթը:
-Պատմութիւն եւ ներկայութիւն կիպրահայերու առեւտուրի մարզին մէջ:
-Ընտրուած պատմուածքներ անհատներու, պահերու եւ դէպքերու՝ կիպրահայ կեանքէն:
-Առանձին անձնաւորութիւններ՝ անհատներ, պիզնէսներ, հիմնարկներ:

Այս մասին կը յայտն է «Ազատ Խօսք»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին