*ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ*
ՈՂՋՈՅՆ
Ամէն անոնք, որոնք երբեք չգիտցան
Իրենց համար իմ սրտիս մէջ բարձրացած
Սեղանին վրայ ծխուող խունկը սրբազան․․․
Ամէն անոնց, որոնք իբրեւ առեղծուած
Մը զիս տեսան, աչքիս բոցով եւ լեզուիս
Լռութիւնով եւ քայլերովս փախչող,
Որոնք գտան իրենց ճամբուն վրայ զիս՝
Պտտցնող սէր մը անձայն ու անշող․․․
Անո´նց, անոյշ էակներուն, այժմ ողջոյն
Իմ անցեալիս գեղեցկութեան մէջ անմահ,
Անոնց ողջոյն՝ այս բառերով դողդոջուն․
Իրեցմէ բան չեմ ուզեր ես ալ հիմա,
Զի ստացայ, ինչ որ ինձ տալ կրնային,
Զի իրենցմով հիմա շէն է ամային…
Վահան Թէքէեան
Քնարերգակ եւ սիրերգակ կոթողին՝ մեծանուն Վահան Թէքէեանի այս ողջոյնը քառասնօրեայ պահքէն վերջ՝ յաղթական մուտքն է երկնային Երուսաղէմի անսահմանութեան դռնէն հանդիպելու եւ փառաւորուելու հիւրընկալ Աստուծոյ դասուն։
Ընկերային համախմբումները եւ հաւաքական զօրակցութիւնը որոշ եւ կարեւոր նպատակներու շուրջ կը կազմուին եւ կ’աճին օրուան պայմաններուն հետ համընթաց։ Երկարամեայ տարողութեամբ նման հաւաքականութիւններ փաստօրէն աւելի բարելաւ եւ ուրախ կեանքի ծիլարձակումներ են, որոնք ժամանակով կը զարգանան, կ’ընդարձակին՝ նոյն ատեն նման հաւաքական կազմաւորումներու ծիները ներդրողները կը մօտեցնեն երկնային խաղաղութեան՝գոհունակ սրտով ու պատրաստ հիւրը դառնալու իր պատկերով ստեղծագործ գերագոյն կատարելութեան, անսահմանութեան, դրախտային պարգեւին։
Եթէ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցաւ մարդը, ուրեմն մարդը անսահման կարողութիւններու տէր էակը գերադգոյն տիպարին հետ է որ կը նոյնանայ իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր անբաժանելի զուգորդութեամբ, բիւրեղացած արժանաւոր մարդկերտութեամբ։
Ֆիզիքական կեանքի առօրեայի կապանքներէն ձեռրբազատուած՝ պատրաստ ոստում մըն է մահը դէպի անսահմանութիւն՝ դէպի հոգեկան անսահման կատարելութիւն՝ որոնց տիպարները ընդհանրապէս կ’ըլլան սուրբերը իրենց կատարելագոյն մարդակերտութեան մէջ եւ ուր նիւթեղէն եւ մարմնաւոր տուեալներուն հետ առընթեր մարդկութեան ընդհանրապէս անհասանելի հրաշքներով յատկանշուած կ’ըլլան։ Ստեղծիչին հիւրը դառնալ հոգեկան հարստութեան գերագոյն արտայայտութիւնն ըլլալով հանդերձ մարմնաւոր կեանքի հարսնիքի համապատասխան խրախճանք է։
Անցեալին՝ մարմնաւոր բաժանումը հարսանեկան սպիտակութեան մէջ կը դիմաւորուէին։ Երբ հոգին լուսաւոր կը մնայ այդ ցոլքը սպիտակութեան մէջ կը բազմապատկուի եւ հեռաւոր ոստաններէ կը ճառագայթէ եւ կը պայծառացնէ երկնակամարը գիշերային խորհրդաւոր պահերուն երկիւղածութեամբ ողողելու երկրագունդի գիշերային պահերը։
Յիսուն տարիներէ աւելի երկար տեւող ծանօթութեան պտուղը արդառրավճիռ իր անբիծ կեանքին՝ Իվանը ստեղծեց արդարամիտներու բազմամարդ հոյլ մը հետեւորդներու եւ քարոզեց Աստուածաշունչի ոգին հանդիսացող սիրոյ պատգամը արդարութեան եւ ուղղամտութեան ճանապարհով, ստեղծելով տիպար եւ օրինակելի ընտանեկան արդարաձիօրէն երջանիկ բոյնի ամբողջական տուեալները, աւելի անդին՝ ստեղծելով եւ ուղղելով արդարամիտ եը սկզբունքներու տէր շրջանակ մը։ Ոգին այդ արդար կեանքին սերմանեց անսակարկ, անսահման զոհողութեամբ, տքնաջան վճռականութեամբ զանոնք համեմելով իր անմոռաց սրամտութիւններով, ժպիտով եւ զուարթախոհութեամբ անվերջ։
Անկարելի բառը դժուարութիւններուն դիմաց իր բառարանին մէջ տեղ չունէր։ Նման պարագաներուն քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրելու էր հարթելու համար դժուարութիւնը կ’ըսէր։ Վճռական, անընկրկելի խթանումով իւրաքանչիւր քայլափոխին կեանքը կ’ապրէր բիւրեղ հոգուով։ Այդ քիչ մը աւելի ժամանակի պահանջը շատերու համար աշխատանքէն խուսափելու եւ յուսահատելու պատճառ պիտի դառնային։
1963-ին, երբ երկրաչափական կաճառէն ներս մուտք գործեցի, առրդէն աստղ մըն էր Իվանը, իր անկարելիին դիմաց գոյութիւն չունեցող դժուարութիւններուն, հիացում եւ յարգանք պարտադրած էր բոլոր փրոֆէսօրներուն անխտիր։ Մինչեւ վերջերս իր անցեալի յուշերը պատմելով իւրաքանչիւրին մէջ կը պատկերացնէր իրենց բարեմասնութիւնները եւ դրական յատկանիշերը իրենց մանրամասնութիւններով․ հիացումով կը խօսէր այն օրերու մասին եւ կ’ըսէր անոնցմէ արդէն մնացած են հազիւ մէկ կամ երկու հոգի։ Իրմէ կ’իմանայի կորուստներու լուրերը այն օրերու յիշատակներէն, եւ ահա այդ ճանապարհը շարունակուեցաւ մեկնումովը պայծառացեալին։ Իր յարգանքը տիպար դաստիարակներու նկատմամբ կ’արտայայտէր եւ կը հիանար։ Այդ շրջանը յիրաւի եղաւ երկրաչափական կաճառի ոսկեդարը եւ որուն արժանաւորապէս նպաստեց եւ մաս կազմեց Իվանը։
Ուղղամտութեան, կատարեալի եւ մաքրամաքուր կենցաղի իր նկարագրի քանդակին ցոլացումը իր ստանձնած աշխատանքներուն կատարելագոյնի ձգտումին եւ իրագործումին մէջ կը յայտնուէր կեանքին մէջ եւ դէմքին վրայ ցոլաց կատարելագոյնի տիպարը առանց բացթողումի եւ որուն դիմաց յարգանք եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց իր շրջապատին մէջ անխտիր։ Այդ տիպարը օրհնութիւն եղաւ իր ընտանիքին՝ անմիջական զօրակացութեամբ իր կողակիցին՝ Տիկ Մարինային, իր զաւակներուն՝ Փոլինին, Հրաչին, Անիին, թոռներուն՝ Ռազմիկին, Թաթիանային՝ երկու բժիշկներուն՝ կազմով պատրաստ հեղինակաւոր եւ ականաւոր դէմքեր ըլլալու, նաեւ Լիանային, Մարինային արթուն, վառվրուն եւ ուրախութիւն սփռող մանկամարդուհիներուն։
Եղաւ առաջնորդ, մաքրակենցաղ եւ օրինակելի մեծ հոյլ մը հետեւորդներու։ Յարգուեցաւ եւ սիրուեցաւ իր անմիջական եւ հեռաւոր ծանօթներուն կողմէ իր կենարարութեան մէջ եւ առաւել եւս արժանաւվայել իր հանդերձեալի զինուորագրութեան մէջ։ Իր կերպարը եւ դէմքի ժպիտով քանդակուած գիծերը պիտի մնան մնայուն յիշատակը իր տիպարին։
Անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին, վշտակից դարձանք մեր երկու հարազատներուն իրենց արժանաւոր կողակիցներուն հօր կորուստներուն։ Յուղարկաւորութիւնները մին Անթիլիասի Սբ Գրիգոր Մայր Տաճարը՝ իսկ միւսը Սբ․ Վարդան եկեղեցին։ Մին ծանօթ ճարտարարուեստի ասպարէզի մէջ, բարեկեցիկ պայմաններով, մաքուր կենցաղով, աւելի քան քառասուն տարիներու ծանօթութիւնով, իսկ միւսը ծանօթ մեր սիրելին։ Մէկուն յարգանքի տուրքին եղող ներկաները նուազ էին քան միւսին ներկայ եղող հոյլը՝ նուազ համեստ գմբէթի ներքոյ։ Երկուքն ալ արժանիքներով լի անհատաւորութիւններ անհատականութիւններ։ Արդարօրէն համեստ պիտակի տակ եղողը իր նոյնքան արդարամտութեան նկարագրով աւելի հասանելի եղաւ ժողովուրդին մեծ բաղկացուցիչներուն եւ ահա այդ մխիթարական ոյժին կ’ապաւինինք բոլորս՝ բաժնելով եւ Սուրբ Հոգւոյն շունչով գօտեպնդուելու իրարու շուրջ, այն հաստատ համոզումով՝ բարիին յաղթական մուտքին՝ հանդերձեալի դռան սեմին՝ վճռական յաղթական հետեւորդներով։
«Ողջոյն սիրեցեալներ, ամայութիւնը շէնցնող անոյշ էակներ»,պիտի ըսէր Վահան Թէքէեան:
Լուսապայծառ հոգին թող որ աւելի եւս պայծառացնէ երկնակամարի անսահմանութիւնը՝ Աստուծոյ տիրապետութեան անջրպետին մէջ։
Օրհնութիւն եւ փառք Իր անուան եւ խաղաղութիւն սիրեցեալներուն։