Ատրպատականի Հայոց թեմի եկեղեցական-ազգային գործունէութեան բարձրակէտը հանդիսացող՝ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքը, իւրաքանչիւր տարի կը յատկանշուի իր իւրայատկութեամբ: Արդէն 62րդ տարին ըլլալով, Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը կատարուին այս ուխտագնացութիւնները, որոնք այս տարի զուգադիպեցան 14-16 Յուլիս 2016ին, ընդ բարձր հովանաւորութեան Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:
Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն մեծաթիւ ուխտաւորներ ժամանած էին Ս. Թադէի վանքը, ժամասացութեամբ, Ս. պատարագով եւ ազգային ժողովրդական տօնախմբութեամբ կատարելու Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնը:
Վանքերու ուխտագնացութեան յատուկ յանձնախումբը, արդէն իսկ շաբաթներ առաջ լծուած էր կազմակերպական աշխատանքներուն, խորհրդատուութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան, որոնք պետական իշխանութիւններուն հետ սերտ յարաբերութեամբ ճշդած էին եռօրեայ ուխտագնացութեան ամբողջ ծրագիրը, յանձն առնելով ուխտաւորներուն կենցաղային պայմաններուն առնչուող եւ ապահովական բոլոր հարցերը:
Նախապէս վանքի շրջապատին մէջ լարուած հարիւրաւոր վրաններու ապահովումը կատարուած ըլլալով Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին կողմէ, ուխտաւորներ Հինգշաբթի, 14 Յուլիսին վանք հասնելով տեղաւորուեցան, նախապատրաստուելով յառաջիկայ երկու օրերու ուխտաւորութեան:
Հինգշաբթի, 14 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5։30ին, վանք ժամանեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Սպահանէն ժամանած հոգեւոր հովիւ Խաչատուր քհնյ. Զարգարեանի: Սրբազան հայրը զանգի ղօղանջներուն ներքեւ ժողովրդային դիմաւորութեան արժանացաւ, օրհնելով հացն ու աղը: Իսկ տաճարին մէջ կանոնական աղօթքէն ետք, ան իր առաջին պատգամը յղեց ուխտաւոր բազմութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ աղօթակցութեամբ հաւատացեալ ուխտաւորներու:
Սուրբ Պատարագ Եւ Հայրապետական Օրհնութեան Գիրի Ընթերցում
Ուխտագնացութեան գլխաւոր օրը՝ Շաբաթ, 16 Յուլիսին, Ս. Թադէի տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ սրբազանը: Խորանին կը սպասարկէին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեան եւ Խաչատուր քհնյ. Զարգարեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբի դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի: Ս. խորանին կը սպասարկէին թեմի կիսասարկաւագաց ու դպրաց դասերը՝ զոյգ բուրվառով, քշոցակրութեամբ, կերոնակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:
Քարոզէն առաջ յատուկ թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ բեմ բարձրացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած համայն իրանահայութեան, յատկապէս Ատրպատականի Հայոց թեմի քաջարի ժողովուրդին եւ ուխտաւոր հաւատացեալներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը, իբրեւ բարձրագոյն հովանաւորը տարեկան սոյն ուխտագնացութեան դէպի Ս. Թադէի վանք, Հայրապետական իր օրհնութիւնը կու տար բոլորին, շեշտելով մեր հաւատքի ակունքներուն հանդէպ ամուր կառչածութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառը իր Օրհնութեան սրբատառ գիրին մէջ յատկապէս կ՛ըսէր. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ Սուրբ Թադէն խորհրդանշական խորունկ իմաստ ունեցած է, իբրեւ Առաքեալին նահատակութեան սրբավայրը, ինչպէս նաեւ որպէս յուշարար՝ Հայ եկեղեցւոյ առաքելական ծագման եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքին ունեցած խոր արմատներուն: Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ փոթորիկներ ահաւոր քանդումներ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Սակայն Ս. Թադէն մնացեր է կանգուն, որովհետեւ ան շաղախուած է սրբազան Առաքեալին արիւնով, ու անոր հիմքերը հաստատուած են հայոց քրիստոնէութեան ամուր ժայռին վրայ»:
Ապա թեմակալ առաջնորդ սրբազանը իր հոգեւոր խօսքը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, Քրիստոսի բերելիք խաղաղութեան համար աղերս մատոյց առ Աստուած. «Մարդկութեան պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, բոլորդ ալ քաջատեղեակ էք, թէ ցաւո՛վ, տառապանքո՛վ, նեղութիւններո՛վ, պատերազմներո՛վ, մարդասպանութիւններո՛վ եւ աւերածութիւններով աւելի կը յատկանշուի, քան խաղաղութեամբ: Տառապող այս աշխարհին մէջ այսօ՛ր, համայն մարդկութեան հոգիի խորքէն մէկ բաղձանք դուրս կու գայ աղօթքով առ Աստուած. Տէ՜ր խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն պարգեւէ համայն աշխարհին: Թող լռեն պատերազմները, թող վերջ գտնեն ազգութիւններու եւ կրօններու միջեւ հակառակութիւնները, եւ «տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի, աղաչե՜մք», ըսաւ ան:
Ապա աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման միակ աղբիւրը զՔրիստոս ներկայացնելով, սրբազանը ըսաւ. «Բայց մենք աշխարհի իշխանաւորներուն բերած խաղաղութիւնը չենք ուզեր, որ օրուան քաղաքականութեան հետ կը փոխուի, անոնց փոխանցած սէրը պայմանական է, անոնց ստեղծած բարօր կեանքը անժամանակ ու անսպասելի կը մթագնի: Մենք կ՛ուզենք Քրիստոսի՜ խաղաղութիւնը, իսկական այն խաղաղութիւնը, զոր իր հետեւորդներուն խոստացաւ Ան: Այս հաւատքի տարածման ծառաները եղան իր առաքեալները աշխարհով մէկ: Ծառայութիւն, որ իրենց արեան նահատակութեամբ արժեւորեցին անոնք: Ծառայութիւն, որ մղիչ ուժ ունէր սէրը, աստուածապարգեւ շնորհքներու կատարումը, որ կը քաղցրացնէ ամէն տեսակ տառապանք եւ կը թեթեւցէ ամէն տեսակ խաչ այս կեանքին մէջ: Ուստի սիրելի ուխտաւո՛ր ժողովուրդ Աստուծոյ, աղօթե՛նք: Աղօթե՛նք աշխարհի խաղաղութեան համար, աղօթենք սիրոյ շնորհքի հեղման համար: Աղօթենք քրիստոնէական մեր հաւատքի ամրապնդման համար: Աղօթենք մեր ազգի, եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքի անսասանութեան համար: Աղօթենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար, որուն հովանիին տակ մեր ազգային ու քրիստոնէական կեանքը առաւելագոյն ազատութեամբ ու հանգստութեամբ կ՛ապրինք այս օրհնեալ երկրին մէջ»:
Իր պատգամին վերջաւորութեան, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց բոլոր այն անհատները, որոնք տարեկան ուխտագնացութեան կազմակերպման ընթացքին իրենց նպաստը կը բերեն: Ան յատկապէս յիշելով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ՝ 2016 տարին «Ծառայութեան Տարի» հռչակուած ըլլալը, եւ հետեւելով վեհափառ հայրապետին թելադրութեան՝ գնահատելու թեմի կեանքէն ներս երկար վաստակ ունեցող ծառայողները, առանձնացուց Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբէն 6 անձեր, որոնք անցնող 25 տարիներու ընթացքին իրենց նպաստը բերած էին ուխտագնացութիւններու կազմակերպման աշխատանքին. Ազատ Մաթեւոսեան, Վարդան Աբրահամեան, Ռազմիկ Օրդուխանեան, Սոկրատ Աբգարեան եւ Ազատ Աբրահամեան (ի բացակայութիւն՝ հիւանդութեան պատճառով), խորանի բեմին առջեւ հրաւիրուելով, Ս. Թադէի խորանէն սրբազան հօր ձեռամբ ստացան իրենց գնահատագիրները:
Այս առիթով սրբազանը վեր առաւ անոնց երկար տարիներու նուիրեալ աշխատանքը՝ յիշելով, որ անցեալին Ս. Թադէի վանքն ու շրջապատը այս բարօր վիճակին մէջ չէին գտնուեր, այլ շրջապատը անմշակ ըլլալով՝ օձեր ու կարիճներ կը վխտային:
Արարողութեան աւարտին Ս. Թադէի աջով գլխաւորուած եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի շրջափակ, ապա ամբողջ տաճարին շուրջը դառնալով եկաւ առաջնորդական յարկաբաժինին՝ վանահօր սենեակին առջեւ, ուր երգչախումբը կատարեց «Կիլիկիա»ն: Ապա սրբազան հայրը «Պահպանի»չով օրհնեց ժողովուրդը, գնահատական իր խօսքը ուղղելով ազգային իշխանութեան, երգչախումբին, կրտսերաց դպրաց դասին, խնամակալ մարմինին ու յատկապէս Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին, կատարուած կազմակերպ աշխատանքին համար:
Հսկումի Ժամերգութիւն
Ամէնօրեայ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններէն բացի, Ուրբաթ գիշեր ժամը 8ին, տաճարին մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Այս տարի եւս եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած գամերով լեցուն հսկայ խաչին վրայ՝ ուխտաւորներ իրենց սրտի փափաքները արձանագրեցին ու դրին, խնդրելով Ս. Թադէոս Առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը:
Ուխտաւորներէն շատերը ծնրադիր հետեւեցան խորհրդաւոր արարողութեան, աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան համար:
Իսկ Շաբաթ, 16 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, վանքի ճամբուն վրայ կանգնած հսկայ վրանին մէջ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Չալտրանի կուսակալ Հոսէյնզատէի, յատուկ յարգանք ընծայեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուխտագնացութեան այս առիթով:
Պաշտօնական սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդը, Ատրպատականի Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ ատենապետեր տոքթ. Արա Մելիքեանի եւ Ռուբիկ Ջանանեանի, Վանքերու յանձնախումբի անդամներ, պետական տարբեր կազմերու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Պաշտօնական խօսքեր փոխանակուեցան Ատրպատականի առաջնորդին եւ պետական պատասխանատուներուն միջեւ:
Երիտասարդական Խանդավառ Յայտագիր Վանքի Շրջափակին Մէջ
Ուրբաթ, 15 Յուլիսի գիշերուան ժամը 10էն սկսեալ, Ս. Թադէի վանքի արեւմտեան շրջափակին մէջ, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան եւ հանդիսավարութեամբ Կարէն Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ յայտագիր երգերու, նուագներու եւ ասմունքներու կատարումով: Գիշերը «ազատ բեմ» յայտարարուելէ ետք, ներկայ երիտասարդութիւնը կամաւորաբար մասնակից դարձաւ յայտագիրին, մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Ներկայ տաղանդաւոր երիտասարդներէն շատեր իրենց երգի, նուագի եւ ասմունքի ձիրքերը ցոյց տուին, անգամ մը եւս փաստելով հայ ազգի տաղանդաշատ նոր սերունդին դրական ընդունակութիւնները:
Ս. Թադէի ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսացաւ իրանահայութեան՝ քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգման եւ ազգային նկարագիրի ամրապնդման, վերարժեւորելով այն, ինչ մեր ազգային եկեղեցական պատմութեան համար արժէք է, ու մեր համայնական կեանքին համար կարեւոր:
(Թղթակցութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդարանէն)