Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Պատանիներու Ճատրակի Հիանալի Մրցաշարք Մոնթրէալի Թէքէեան Կեդրոնէն Ներս

*ՍԱՐԳԻՍ  ԳԱՎՈՒՔՃԵԱՆ*

«Ապագայ» շաբաթաթերթի ընթացիկ տարուան Յունիս 20-ի թիւով, բաւական մեծածաւալ, կարելի է ըսել սփիւռքահայ համայնքներու համար հազուադէպ յայտարարութիւն մը դրուած էր: Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր կեդրոնէն ներս՝ Յուլիսի 1-ին կը կազմակերպէր ճատրակի մրցաշարք, որուն կրնային մասնակցիլ մինչեւ 15 տարիքը բոլորած պատանիներ: Մուտքը ոչ միայն ազատ էր, այլ նաեւ մրցոյթի աւարտին նախատեսուած էր հիւրասիրութիւն, նշուած էր պատասխանատուի անունը՝ Երուանդ, առանց մականունի, նաեւ հեռաձայնի թիւ մը:

Մօտ 2 տարիներ առաջ ստեղծուած Լավալի ՀՄԸՄ-ի ճատրակի խումբը բաւական ճամբայ կտրած է, ուր 7-15 տարեկան պատանիներ ամէն շաբաթ օր, Լավալի Հայ կեդրոնէն ներս կանոնաւորաբար կը հետեւին ճատրակի դասընթացքներուն, աստիճանաբար  ծանօթանալով այս հիանալի, շատ օգտակար ու մարդու միտքը պայծառացնող խաղի գաղտնիքներուն: Ասոնք որոշ պատրաստութիւն մը ձեռք ձգած են արդէն, եւ ահա առիթ է, որ իրենց ամբարած գիտելիքներով մասնակցին այս մրցաշարքին: Հեռաձայնեցի Երուանդին եւ տուի քանի մը պատանիներու անուններ, որոնք դեռ արձակուրդի չէին մեկնած :

Մրցաշարքի օրը Թէքէեան կեդրոնի սրահը ստացած էր շատ տպաւորիչ տեսք: Ութը երկարաւուն սեղաններ շարուած էին սրահին կեդրոնը՝ կազմելով բաւական լայնատարած քառակուսի մը: Իւրաքանչիւր սեղանի վրայ դրուած էին երկու ճատրակի մրցափայտեր, եւ այդպէսով միաժամանակ կրնային խաղալ 32 պատանիներ: Իսկ մեծ պաստառի վրայ կարելի էր տեսնել հայ ժողովուրդի ճատրակի կուռք՝ Տիգրան Պետրոսեանի հսկայ լուսանկարը:

Մանրակազմ, բարեկիրթ, շատ հաճելի դէմքով ու միայն հայու յատուկ գեղեցիկ աչքերով, ու դեռ հազիւ պատանեկութեան սեմէն դուրս եկած մէկը կը պտըտէր սրահին մէջ, ձեռքին թուղթի մը վրայ կը նշանակէր ներկայացած մասնակիցներուն անունները:  Ենթադրեցի, որ ան պիտի գիտնար թէ ո՞ւր կարելի էր գտնել յայտարարութեան մէջ նշուած Երուանդը, քանի որ իրեն անձամբ կ’ուզէի ներկայացնել այն տղաքը, որոնց անունները խնդրած էի արձանագրել հեռաձայնով:

Երբ հարցուցի, թէ ո՞ւր կրնամ գտնել պարոն Երուանդը, ի զարմանս ինծի ըսաւ, թէ ի՛նքն էր Երուանդը: Ապշած էի, որովհետեւ մեր հայ համայնքներուն մէջ, ընդհանրապէս ընդունուած է յայտարարութիւններուն մէջ դնել վարչականներէն մէկուն կամ միւսին եւ կամ՝ կազմակերպող յանձնախումբի անդամներէն մէկուն անունն ու հեռաձայնի թիւը, որոնք ինչպէս գիտենք մեծաւ մասամբ դպրոցական տարիքի չեն ըլլար:

Երուանդին կ’ընկերանային երկու օգնականներ՝ Յակոբ եւ Նարօտ Մինասեանները:

Մեծ աշխուժութեամբ սկսան խաղերը:  7-14 տարեկան 26 տղաք ու աղջիկներ զոյգեր կազմած կը մրցէին իրարու դէմ: Մրցաշարքը դիտելու եկած էին ոչ միայն մասնակցող պատանիներու ծնողքն ու բարեկամները, այլ նաեւ ճատրակի բազմաթիւ սիրահարներ:

Շատ տպաւորիչ ձեռնարկ էր, լաւ կազմակերպուած ու նրբօրէն մտածուած, թէ ինչպէս պարգեւատրել  մասնակիցները: Ոչ ոք առանց պարգեւի մնաց: Համաձայն այս մրցաշարքին իրենց արձանագրած յաղթանակներու քանակին, ճատրակի դասերուն ցուցաբերած հետեւողական մասնակցութեան եւ ճատրակի նկատմամբ ունեցած նուիրուածութեան, բոլոր մասնակիցները ըստ արժանաւորագոյնի գնահատուեցան ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներով:

Իսկ երեք պատանիներ՝ 7 տարեկան Քրիստափոր Փիլաւճեան, 12 տարեկան Սագօ Կարապետ եւ Նժդեհ Կայաբալեան, յաղթելով իրենց բոլոր հակառակորդներուն տիրացան յատուկ բաժակներու:

Նորութիւն մը չէ հաստատելը, որ երբեմն անձի մը նախաձեռնութեան ոգին, երբ անոր կը միանան կազմակերպելու ձիրքն ու տեսլականը, կրնան իրականացնել ծաւալուն գործեր: Ահաւասիկ Հալէպէն վերջերս հասած այս 16 տարեկան պատանին՝ Երուանդը, գրեթէ առանձին կրցած էր ոգեւորել ու ներգրաւել հայ պատանիները ճատրակի աշխարհին մէջ, ստեղծելով խանդավառ ու հաճելի մթնոլորտ:

Մրցոյթի աւարտէն ետք մօտեցայ Երուանդին եւ շնորհաւորեցի զինք, այս շատ յաջողած ճատրակի մրցոյթը իրականացնելուն համար:

Կ’ուզեմ ընթերցողին սիրով ներկայացնել Տէմիրճեան Երուանդը:

Ծնած է Հալէպ, 1998-ին: Յաճախած է ՀԲԸ Միութեան Լ. Նաճարեան – Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանը մինչեւ 10-րդ կարգ: Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմի պատճառով, 2014-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ: Մէկ տարի կը հետեւի ֆրանսերէն լեզուի դասընթացքներու, եւ այս ուշիմ ու աշխատասէր աշակերտը յաջողութեամբ կ’ընդունուի Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ վարժարանի 10-րդ դասարանը, որուն ընթացքը գալ տարի աւարտելէ ետք, նպատակադրած է մասնագիտանալ համակարգչային գիտութեան մէջ (Computer sciences):

Ճատրակ խաղալու սկսած է 6 տարեկանէն իր զարմիկին օգնութեամբ: Այնուհետեւ 8 տարիներ կանոնաւոր կերպով հետեւած է՝ Հայաստանէն որպէս ուսուցիչ Հալէպ  հաստատուած ճատրակի մասնագէտ պարոն Արթուրի ճատրակի դասընթացքներուն: Հմտանալով անոր գաղտնիքներուն, իր բարձրորակ խաղով, տարիներ շարունակ կ’ընտրուի Սուրիոյ  դպրոցականներու ճատրակի առաջնութեան մասնակցող Հալէպի հաւաքականի անդամ: Երուանդը հպարտութեամբ կը նշէ, որ Հալէպի հաւաքականի խումբը կազմող 5 դպրոցականներէն 3-ը միշտ հայեր եղած են:  2009-ին շնորհիւ Երուանդին ու իր հայ ընկերներուն հիանալի խաղին, Հալէպի խումբը կը գրաւէ Սուրիոյ բոլոր խումբերուն մէջ 4-րդ պատուաւոր տեղը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի վարչութիւնը տեղեկանալէ ետք իր կարողութիւններուն, իրեն կ’առաջարկէ ճատրակի խաղեր կազմակերպել Սեւան Ամառնային ճամբարի աշակերտներուն համար: Նկատելով հետզհետէ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն մօտ աճող հետաքրքրութիւնը ճատրակի հանդէպ,  Երուանդը վարչութեան կ’առաջարկէ կազմակերպել դասընթացքներ: Վարչութեան աջակցութեամբ ու սատարումով, անոր աշակերտներուն թիւը օրէ օր աճ կ’արձանագրէ եւ այսօր կը հասնի 20-ի:

1987-ին Վարդան Բալասանեանը, Համօ Ապտալեանը, Վիգէն Ադդարեանն ու Սարգիս Գավուքճեանը, Թէքէեանի նորակառոյց կեդրոնին մէջ ստեղծած էին ճատրակի խմբակ, որ կը կրէր Տիգրան Պետրոսեանի անունը: Տարիներ շարունակ ամէն Երկուշաբթի, ճատրակ խաղալու համար ամէն տարիքի բազմաթիւ հայորդիներ կը հաւաքուէին՝ ճատրակի խմբակին տրամադրուած «սոլարիումին» մէջ: Այդ խմբակէն շատեր նուիրուեցան Ալեք Մանուկեան վարժարանի աշակերտներուն ճատրակի դասաւանդման:

Եւ ահա շնորհիւ Երուանդ Տէմիրճեանին, ճատրակը նոր շունչ կը ստանայ Թէքէեանի կենդրոնէն ներս: Կը շնորհաւորենք Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը, հայ պատանիներու մտային զարգացման մեծապէս նպաստող ճատրակին կարեւորութիւն տուած ըլլալուն համար:

Յատուկ շնորհաւորանքներ բոլորի սիրելին դարձած Երուանդին, իր կատարած շատ գնահատելի գործին համար:

«Ապագայ»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին