Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Անուանի Երգչուհիներ Պարգեւատրուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Մետալով

Յուլիս 20-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ իւրայատուկ օր էր: Այստեղ կը հիւրընկալուէին միջազգային ճանաչման արժանացած երեք անուանի երգչուհիներ` Ժնեւի Կրանտ օփերայի մեներգչուհի Վարդուհի Խաչատրեանը (Զուիցերիա), Նիւրնպըրկի օփերայի թատրոնի մեներգչուհի Հրաչուհի Բասենցը (Գերմանիա) եւ Ժնեւի երաժշտանոցի վոքալի փրոֆեսոր, մեներգչուհի Ճուլիէթ Սարգսեանը (Զուիցերիա):

Հրաւէրին առիթը աւելի քան ուրախալի էր. միջազգային ասպարէզի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան ու իրենց գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար, անոնք պարգեւատրուած էին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Ողջունելով հիւրերը նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքի ջերմ խօսքեր ըսաւ երգչուհիներու հասցէին` հպարտութեամբ նշելով, որ ծնած ըլլալով Հայաստանի մէջ եւ կրթութիւն ստանալով Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ` անոնք իրենց բացառիկ  ձայնի եւ կատարողական արուեստի շնորհիւ, հնարաւորութիւն ստացած են հրաւիրուելու եւ աշխատելու տարբեր երկիրներու ամենահեղինակաւոր օփերայի թատրոններուն մէջ` համագործակցելով այս ոլորտի նշանաւոր արուեստագէտներու հետ: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ միջազգային ամենամեծ բեմահարթակներու վրայ անոնք արեւմտաեւրոպական երաժշտահաններու կողքին, մշտապէս հնչեցուցած են հայ երաժշտահաններու` մասնաւորաբար Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

Ներկայացենլով երգչուհիներու կենսագրութեան կարեւոր դրուագները` Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ շեշտեց նաեւ ժառանգականութեան դերը, քանի որ երեք երգչուհիներն ալ հայ մշակոյթի ասպարէզին մէջ նշանակալի վաստակ ունեցող արուեստագէտներու ժառանգներ են:

Յանձնելով մետալները նախարարը մէկ անգամ եւս շեշտեց, որ նման պատուաւոր պարգեւի անոնք կ’արժանանան յատկապէս հայ երգարուեստի տարածման եւ  հայութեան անունը միջազգային ասպարէզի մէջ բարձր պահելու համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքի համար` արուեստագէտները նշեցին, որ թէեւ արժանացած են բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու, սակայն Հայրենիքի պարգեւները կ’ընդունին շատ աւելի  մեծ յուզումով ու երախտագիտութեամբ:

Հանդիպման աւարտին անոնք իրենց ձայներիզները նուիրեցին նախարարին` հաւաստիացնելով, որ պարտաւորուած կը զգան ընելու աւելին` հայ արուեստը աշխարհի մէջ տարածելու ուղղութեամբ:

5

 

6

 

7

8

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին