Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Անիի Հայկականութիւնը Յստակօրէն Նշուած Էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ներկայացուած Յայտի Մէջ

Միջնադարեան Հայաստանի Անի մայրաքաղաքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուիլը՝ կարեւոր է Հայաստանի համար այն առումով, որ մշակութային յուշարձանները կը մտնեն միջազգային կազմակերպութեան հսկողութեան տակ:  Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըստ panorama.am-ի ըսած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան:

Յիշեցնենք, որ Սթամպուլի մէջ Յուլիս 15-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նիստին որոշում  ընդունուած էր՝ Անին ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Յայտը ներկայացուցած էր Թուրքիան:

Մշակոյթի փոխնախարարը ըսած է, որ Թուրքիան յայտը ներկայացուցած էր քանի մը տարիներ առաջ եւ ԻՔՕՄՕՍ-ի կողմէ կատարուած դիտողութիւններու պատճառով ուղարկուած էր լրամշակումներու:  Ըստ անոր լրամշակուած եւ ներկայացուած տարբերակին մէջ նշուած էր՝ յուշարձանի ծագումն ու ինքնութիւնը, այսինքն հայկականութիւնը յստակ նշուած էր, որ Հայաստանի համար ամենակարեւոր դրոյթներէն մէկն էր:

«Գործնականօրէն ի՞նչ կու տայ այս քայլը: Ոչ միայն կոչում, այլ նաեւ հանրահռչակման տեսանկիւնէ կարեւոր կը դարձնէ քաղաքը: Մեզի համար ամենակարեւորը այն է, որ յուշարձանի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան համար որոշակի երաշխիքներ կը ստեղծուին: Յուշարձանի հետ կատարուող գործողութիւնները` պահպանութիւն, վերականգնում, զբօսաշրջիկային հոսքերու կառավարում, պարբերաբար պիտի զեկուցուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին այն երկիրներու կողմէ, որ ներկայացուցած է յայտը: Բոլոր առումներով պէտք է պահպանուին համապատասխան չափորոշիչները, յուշարձանի նախնական տեսքէն պէտք չէ հեռանան », ըսած է փոխնախարարը:

Ներսէս Տէր Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ Անիի ամբողջ հայկական կողմը, որպէս Հայաստանի Բագրատունեանց թագաւորութեան մայրաքաղաք, ամբողջութեամբ ներկայացնելու համար յատուկ գրքոյկ հրատարակած էին ու կը տրուէր այն մարդոց, որոնք որոշ ազդեցութիւն կրնային ունենալ որոշումը ընդունելու վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին