Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Փշրուն Էգիդան (Էկիտա)

*ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ*

Ելլելով կարծիքի ազատութեան սկզբունքի մեր յանձնառութենէն, տեղ կու տանք սոյն յօդուածին, առանց անպայմանօրէն կիսելու հոն արտայայտուող որոշ կարծիքներ։
 «Խմբ.»

Աշխարհի գերզօր ծաւալողապաշտ պետութեան՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, վերջին քառորդ դարեայ քաղաքա-տնտեսական ցնցումները, նոր ուժանիւթի տիրացման մարտարշաւը, համացանցային հաղորդակցման ու աշխարհայնացման քաղաքականութեան ողողումը, ոչ միայն նոր եղելութեան ու աշխարհաընկալման առջեւ դրաւ մոլորակի մարդկութեան, ինչպէս նաեւ հայոց մտարձակող տնտղացանցը, այլեւ քանդեց քաղաքական աշխարհի երեւակայական էկիտան:

Իսկ ի՞նչ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական աշխարհէն ներս, 20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակէն եւ մասնաւորաբար՝ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք: Մին՝ իշխանութիւնը կորսնցուցած, թշնամական դիրք բռնեց խորհրդային ծաւալողական գաղափարախօսութեան դէմ, գէթ իր տեսակը պահպանելու եւ սխալներն անթեղելու ի խնդիր։ Միւսը՝ նոյն մարմաջով յանկարծ կոչուեցաւ յառաջդիմական ճակատ…, իսկ կարեւորագոյնը՝ խորհրդայնացած հայ մարդը,  Հայրենիքը (Հայաստանը) «կործանումէ» փրկելու համար, Քէրչէն մինչեւ Մերձպալթեան երկիրներ արեամբ ողողեց Խորհրդային Մեծ Հայերնիքի օրհնեալ հողը (տալով աւելի քան 350 հազար զոհեր) եւ յանկարծ յայտնուեցաւ Ռայխի պատերուն տակ «երեւակայելով», որ ինք Արարատ լերան լանջերն է որ կը դղրդացնէ:

Այսպէս, երբ մոլորակի բանական ընտրանին մօտաւորապէս 2350 տարուայ քաղաքական փիլիսոփայութեան պարբերական եւ օրինաչափ զարգացման ներդրում տուած էր՝ Արիստոտէլէն մինչեւ հզօր Գարեգին Նժդեհ, մենք նախընտրեցինք հիասթափութեան հասցնող մեր թերատի քաղաքական գործիչներու մեծամեծ յորջորջումները լսել, փոխան տրամաբանական, գործնական, նպատակասլաց ու իրականանալի համազգային տեսլականի բիւրեղացման ու անոր բազմաբնոյթ տարբերակներով եւ միջոցներով իրականացման:

Իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն (1985-1991) եւ անկէ ետք՝ երկրաշարժի գեհէնային երկունքին, Ղ ղարաբաղեան արիւնաքամ սրբազան պատերազմի ընտրանիի կորուստներուն եւ յաղթանակին, մութ ու ցուրտ կեղեքիչ տարիներուն զուգընթաց, նախկին Քա Կէ Պէ-ի պատեհապաշտ մնացորդաց տարրերու առաջնորդութեամբ, սունկի պէս ծնունդ առին քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ՝ կողոպտելու, իւրացնելու, յուսալքելու Սփիւռքի նիւթական եւ հոգեւոր աշխարհը ու իր անբաղձալի «աւարտին» հասցնելու հայրենի ժողովուրդին ազատութեան, անկախութեան եւ պետութիւն կերտելու բաղձանքը…:

Այդ նոյն պատեհապաշտ փաղանգը քառորդ դար շարունակ հիւծեց ԱՐԱՐԱՏԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ մարդավայել եւ հայավայել ապրելու իրաւունքը, մինչեւ… մինչեւ, որ փամփուշտի տաքութիւնը եկաւ սկիզբ տալու նոր տրամաբանութեան…:

Ի՞նչ է, պէտք էր սպասէինք, որ փամփուշտի տաքութեամբ որոշուէր, որ ՀԱՅՈՒ արիւն կը թափի…, որ ՀԱՅՈՒ կորուստ կ’արձանագրենք…:

Ի՞նչ է, պէտք էր ԱԶՆՈՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ արարքը ահաբեկչութիւն պիտակուէր եւ ան ալ ցեղասպան առաջնորդներու եւ Մովսէս Գորգիզեաններու, Մոնթէ Մելքոնեաններու, Արամ Գրիգորեաններու եւ հարիւրաւոր այլ հայորդիներու դահիճներու երախներով…, որպէսզի անդրադառնայինք, որ մենք ՀԱ՞Յ ենք…:

Սթափեցէ’ք ԱԶՆՈՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ, որպէսզի ԿԵԱՆՔԻ լեզուով, կազմակերպուածօրէն ու հաւատախինդ ընթանաք դէպի մեր կերտելիք ապագան…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին