Երէկ առաւօտեան Instagram-ի մէջ հրապարակուած լուսանկարները նայելու ընթացքին, իտալացի հանրայայտ ձեւաւորող, Dolce & Gabbana աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան համահիմնադիր Սթեֆանօ Կապանայի էջին վրայ, գեղեցիկ ու այնչափ հաճելի լուսանկար մը գրաւեց ուշադրութիւնս: Աւելի երկար զննելէ յետոյ հասկցայ, որ նկարին մէջ պատկերուած ընտանիքը հայկական է (հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ այդքան լաւ ուսումնասիրեցի զայն): Լուսանկարին մէջ հայուհի Սոնա Սարգսեանի գեղեցիկ ու ներդաշնակ ընտանիքն է, որ կը մասնակցի Dolce & Gabbana-ի իւրօրինակ լուսանկարներու նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am STYLE-ը։
Նախագիծին նպատակն է հանրայայտ ապրանքանիշի կայքին վրայ ստեղծել ընտանեկան լուսանկարներու ալպոմ, ուր ներառուած կ’ըլլան աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրող ընտանիքներու գեղեցիկ լուսանկարները: Անդամները պարտադիր չէ, որ ցուցադրեն այս ապրանքանիշի հագուստները, սակայն ընտանիքի եւ սերունդներու թեման պէտք է պահպանուած ըլլայ: Յատուկ այս նախագիծին համար ստեղծուած է #DGFamily հեշթեկը, որմով կարելի է գտնել հազարաւոր գեղեցիկ լուսանկարներ: Սակայն անոնցմէ ընդամէնը երկուքը (այս պահու դրութեամբ), գրաւած են Սթեֆանօ Կապանայի ուշադրութիւնը, հետեւաբար յայտնուած են անոր Instagram-ին մէջ: