Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Հայաստան.Ստեղծենք Միասին». Արդիւնքը Սպասուածէն Աւելին Է

«Ընտրած մասնագիտութեանս բնոյթը հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու, գործակալութիւններու հետ լոպիինկի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներ իրականացնելն է»,-«Հայերնայսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մատրիտի Խուան Գարլոսի թագաւորական համալսարանի Գովազդի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժանմունքի պակալաւրի ուսանող Քնարիկ Գրիգորեան, որ Յուլիս 11-14 կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կայացած «Հայաստան. Ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին:

Քնարիկը, ստանալով հաւաքի մասնակցութեան հրաւէրը, շատ ոգեւորուած է: Դեռ մինչեւ Հայաստան գալը ակնկալած է, որ հետաքրքիր եւ բովանդակալից օրեր պիտի ունենայ:

«Արդիւնքը սպասուածէն աւելի է: Վառ տպաւորութիւններ ստացայ հաւաքէն: Ամենակարեւորը հասկցայ, որ Հայաստանի հեռանկարին հետ կապուած հայ երիտասարդներու մօտեցումները եւ տեսակէտները կը համընկնին: Զեկուցողները նաեւ  խորհուրդ տուին ինծի, որ Սփիւռքի մէջ ապրելով հանդերձ` ինչպէս օգտակար ըլլամ սպանահայ համայնքին, որ, անշուշտ, պիտի կիրառեմ` ի նպաստ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման»,-ընդգծեց Քնարիկը:

«Հայերն Այսօր»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին