Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Իրաք. Մրցավազք Ահաբեկչութեան Եւ Պետութեան Վերականգնումի Միջեւ»

«Զարթօնք»ի նախաձեռնած տեղեկատուական եւ վերլուծական հանդիպումներու «Շրջանը Դէպի Ո՞ւր»  շարքի ծիրէն ներս, երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ՝ Երկուշաբթի, 18 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «ՌԱԿ-ի Լսարան»ի մէջ:

Հանդիպման նիւթն էր «Իրաք. Մրցավազք Ահաբեկչութեան եւ Պետութեան Վերականգնումի Միջեւ»: Օրուան զեկուցաբերն էր գրող եւ լրագրող, իրաքեան «Ալ Իրաքիա», «Սումարիա», «Հունա Պաղտատ» եւ «Ալ Մատա» հեռատեսիլի կայաններու լուրերու եւ քաղաքական բաժինի նախկին տնօրէն եւ խմբագիր Ամժատ Իսքանտարը:

Հանդիպումը առիթ մըն էր լսելու շրջանի մանրամասնութիւններուն լաւապէս ծանօթ եւ գետնի վրայ գործած փորձառու հիւրին տուած տեղեկութիւններն ու վերլուծումները՝ ինչ կը վերաբերի Իրաքի անցեալին, ներկային եւ ապագայի մասին:

Աւարտին հետաքրքրասէր ներկաները, որոնց շարքին նաեւ իրաքահայ ընկերներ, առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստանալու բանախօսէն:

Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին