Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Երեւանի Էրեբունի Շրջանի Ոստիկանութեան Կեդրոնի Գրաւումը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Ոստիկանապետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան, Երեւանի Էրեբունի շրջանի Խորենացի փողոցին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, թէ պատանդի կարգավիճակի մէջ են հինգ ոստիկաններ, որոնց մէջ ոստիկանապետի տեղակալ Վարդան Եղիազարեանը եւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը: Պօղոսեան նախօրէին ազատ արձակուած ոստիկանի ինքնութեան մասին որեւէ տուեալ չնշեց, այլ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ան պարեկապահակային ծառայութեան աշխատակից է, եւ անոր ազատ արձակած են համապատասխան բանակցութիւններու միջոցով։  Պօղոսեան վստահեցուց, որ երկուստեք պահանջներու հարցով ոչինչ չէ փոխուած: «Մեր եւ իրենց պահանջներու առումով առ այժմ ոչինչ չէ փոխուած»,- ըսաւ ան պնդելով, որ կալանաւորուած Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ  բանակցութիւններ չեն ընթանար։ Պօղոսեան յիշեցուց իրենց պահանջը եւ նշեց, որ փոխզիջումները պէտք է ըլլան երկուստեք: «Կը բանակցինք մէկ բանի շուրջ՝ յանձնել պատանդները, դադրեցնել իրավիճակի հետագայ սրումը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն», նշեց Հայաստանի ոստիկանապետի առաջին տեղակալը:

Երէկ շուտ առաւօտուն դէպքի վայր ժամանեցին Հայաստանի ոստիկանապետ Վովա Գասպարեանը եւ Ազգային անվտանագութեան ծառայութեան պետ Գէորգի Կուտոյեանը, որոնք կարճ ժամանակ անց հեռացան՝ չպատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Հայաստանի Ազգային անվտանագութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց ուր կ’ըսուի, որ գիշերը ազատ արձակուած են երկու հոգիներ՝ մէկ ոստիկան եւ մէկ քաղաքացի: Ապա կը նշուի, որ զինեալ խումբը կը հրաժարի միւս պատանդները ազատ արձակելէ եւ իշխանութիւններուն յանձնուելէ: Ան կը յորդորէ դադրեցնել զինեալ դիմադրութիւնը ըսելով, որ «անոր համար տակաւին ժամանակ կայ եւ հնարաւորութիւն», ընդգծեց ծառայութիւնը: «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի ղեկավար Գարեգին Չուգասզեան «Դիամտետր»ի իր էջին վրայ գրեց`«լիազօրուած եմ զգուշացնելու երկրի այսօրուայ «կառավարիչներուն», որ եթէ յարձակում ըլլայ, ապա ան նոր անպատիժ Մարտ 1-ով չաւարտիր, այլ պայքարը կը շարունակուի եւ իշխանութիւնները գործ կ’ունենան համազգային ամէնօրեայ պայքարի այլ տրամաբանութեան հետ, որ նման կ’ըլլայ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման ազատագրական պայքարին»: Յիշեցնենք, որ «Սասնայ Ծռեր» ջոկատ անուանող զինուած խումբը, նախօրէին վաղ առաւօտեան գրաւած էր Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, բախումներու ժամանակ ոստիկանութեան գնդապետ մը սպաննուած էր, երեք այլ ոստիկաններ ալ վիրաւորուած էին ու մի քանի այլ ոստիկաններ պատանդ բռնուած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին