*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մեր օրերուն մարդկութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ կ’ապրի շրջուած չափանիշներու եւ արժէքներու ժամանակ մը եւ բարոյականի անկման թշուառ օրեր:
Անտրամաբանականօրէն վայրագութեամբ լեցուն այս օրերուն, պիտի անդրադառնամ փառքի կամ հերոսութեան սխալ հասկացողութեան:
Ի տես մարդկային պատմութեան տուած դասերուն, ժամանակը չէ՞, որ մարդկութիւնը այլեւս հասկցած ըլլայ, թէ ուրիշ ելք չկայ՝ բացի իր զաւակները դաստիարակելէ, որ պատերազմի ու վայրագութեան մէջ փառք կամ հերոսութիւն չկայ…:
Մենք պէտք է մեր զաւակներուն սորվեցնենք, որ փառքը՝ պատերազմի կամ թշնամութեան առաջքը առնելու մեր որոշումին մէջն է, մինչ հերոսները միայն անոնք են, որոնք այդ որոշումը կրնան քաջաբար ի գործ դնել:
Այս իրականութենէն դուրս ամէն մտածում, փառք կամ արարք խաբկանք է միայն:
Մեր զաւակները ճիշդ դաստիարակենք:
Բարի լոյս սիրելի ընթերցող:






