Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, թէ «խումբ մը զինուած անձեր պատանդ վերցուցած են ոստիկանութեան սահմանափակ թիւով ծառայողներու՝ անոնց ազատ արձակման դիմաց պահանջելով ազատ արձակել մօտ ամիս մը առաջ կալանաւորուած Հիմնադիր Խորհրդարանի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանը, որ ձերբակալուած էր խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զենք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ այդ զէնքերը պահելը կազմակերպելու մեղադրանքով»: Աւելի վաղ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Վարուժան Աւետիսեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած էր, որ իրենք ապստամբութիւն սկսած են եւ ոստիկանական շէնք գրաւած: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի Երեբունիի տարածք, ուր զինեալները պատանդ բռնած են ոստիկանները: Փաշինեանի փոխանցմամբ, այնտեղ կը գտնուին ոստիկանութեան պետի տեղակալ Վարդան Եղիազարեան, Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը ու եւս 7-էն 8 ոստիկաններ: Ոստիկանութեան աշխատակիցները զինաթափուած են, իսկ Հիմնադիր խորհրդարանի ներկայացուցիչները՝ զինուած: Փաշինեանի հաշուարկներով շէնքին մէջ կան մօտ 25 մարդիկ: Փոխ ոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ի վիճակի է վնասազերծել Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի վրայ յարձակող անձերը, սակայն առիթ կու տայ բանակցութիւններու շարունակութեան՝ լուծումներ գտնելու համար խաղաղ միջոցներով։ Առ այժմ յայտնի է, որ մէկ ոստիկան զոհուած է եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած են, այլ երկու պատանդներ ալ՝ ազատ արձակուած։