*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ցնորքներու հաւատացողները՝ անգիտակից էակներ են: Անոնք պարզապէս գոյութիւն ունին:
Անգիտակից են անոնք, որովհետեւ ազատ մարդիկ չեն: Անոնք այնքան տարուած են իրենց ցնորքներով, որ վայրկեանի մը համար չեն կրնար երեւակայել, թէ իրենք սխալ կրնան ըլլալ: Անոնք շատ «ինքնավստահ» են:
Ապուշ արարածներ են անոնք: Աւելորդ եւ կեանքի մէջ՝ անդեր: Կը շնչեն ու կը խօսին: Անոնց կրնանք հանդիպիլ ամենուրէք:
Անոնք միշտ անկար են, որովհետեւ մտածելու կարողութիւն չունին: Աւելի ճիշդը կը կարծեն, որ կը մտածեն, սակայն միտքերնին խանգարուած մեքենայի կը նմանի: Անոնց խանգարուած միտքը անդադար կը դառնայ ու կը դառնայ մէկ եւ հիւանդագինօրէն սեւեռուն գաղափարի մը շուրջ՝ առանց զայն շրջանցելու եւ ուրիշ գաղափարի մը անցնելու կարողութիւնը ունենալու:
Նման անբան ու ցնորամիտ էակներու ծանօթ ես վստահաբար, սիրելի ընթերցող: Ես ալ ծանօթ եմ՝ դժբախտաբար…: