Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Հայկական Սմբուկի Անուշը Պիտի Ներկայացուի Մոսկովեան Փառատօնին

Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի «Մոսկովեան անուշ. Բնութեան ընծաներ» փառատօնին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին անուշներու տարբեր տեսակներ, ներառեալ` սմբուկի անուշ:

Մոսկուայի իշխանութիւնները որոշած են միաւորել «Մոսկովեան անուշ» եւ «Բնութեան ընծաներ» փառատօնը եւ իրականացնել այն Յուլիս 15-էն Օգոստոս 7, քաղաքին մէջ պիտի տեղակայուի 33 թեմատիկ տաղաւար, ուր կարելի է համտեսել միրգեր, անուշ, խորտիկներ եւ խմիչք տարբեր երկիրներու, կը յայտնէ Sputnik-Արմենիան:

Իւրաքանչիւր հարթակի մէջ այցելուները կրնան տեսնել  անուշի հսկայական անօթներ, որոշ կէտերու մէջ անվճար անուշ պիտի բաժնեն, կը հաղորդէ riamo.ru-ն` յղում ընելով փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին:

«33 տաղաւար պիտի ըլլայ: Անուշի անօթներու վրայի պատկերները նման են անուշի այն տեսակներուն, որոնք կը ներկայացուին փառատօնի հարթակներուն մէջ: Օրինակ, Հայաստանի հարթակին կարելի է  տեսնել սմբուկի անուշի անօթ»,- հաղորդած է կազմակերպիչ ընկերութեան ներկայացուցիչ Իրինա Սուխոտինան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին