Յուլիս 14 լոյս 15-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը հրադադարը խախտած է 27 անգամներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային ու դիպուկահար զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1400 կրակոցներ:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ բացի հրադադարի վերոնշեալ խախտումներէն, Յուլիս 14-ի ժամը 22:45-ին, սահմանագիծի արեւելեան (Ակնա) ուղղութեամբ դիտարկուած է՝ հակառակորդի խումբ մը զինծառայողներու յառաջխաղացման փորձ:
ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները ձեռնարկած են յատուկ քայլեր եւ կանխած՝ ազրպէյճանական զինծառայողներու հաւանական գործողութիւնները: