Հայկազեան համալսարանը կազմակերպեց լիբանանեան առաջին դիտումը՝ «Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմին, Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2016-ին, Աշրաֆիէի Ա Պէ Սէ-ի Կրանտ Սինեմազ շարժանկարի սրահներուն մէջ,
350 հանդիսականներու ներկայութեամբ, որոնք շարժանկարի երկու հիմնական սրահները լեցուցած էին: Հանդիսականներու շարքին կային նաեւ կրօնական ղեկավարներ, ներառեալ Պապական Նուիրակ Կապրիել Կարսիա Եպիսկոպոսը, պաշտօնատարներ, համայնքային ղեկավարներ եւ Հայ Դատի պաշտպաններ։
Մասնաւորաբար այստեղ էին ֆիլմի մեկնաբան, ցեղասպանագէտ Սվանթէ Լունտկրենը Ֆինլանտայէն, նաեւ ֆիլմի արտադրիչ Մանուէլ Սարիբեկեանը՝ Հայաստանէն, որոնք աւարտին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ ստացան յատուկ յուշանուէրներ:
«Փրկութեան Քարտէզ»ը վաւերագրութիւն մըն է, որ արտադրուած է MAN Pictures ընկերութեան կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մարդասիրական օժանդակութեան ալիքի եւ դիմադրութեան մասին։ Ան կը պատմէ հինգ կանանց մասին՝ Մարիա Ճաքոպսոն (Դանիա), Քարեն Եփփէ (Դանիա), Պոտիլ Պյորն (Նորվեկիա), Ալմա Ճոհանսոն (Շուէտ) եւ Աննա Հետվիկ Պիուլ (Էսթոնիա), որոնք ձգած էին իրենց հանգստաւէտ կեանքը Եւրոպայի մէջ եւ եկած հայկական հողերը, իրենց կեանքը անմնացորդ ու առանց պայմաններու նուիրելու քաղաքացիներու, որոնք կը դիմագրաւէին Ցեղասպանութիւնը։