*ՍԻՒՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ*
«Ոսկէ Ծիրան 2016» միջազգային ֆիլմի փառատօնին այս տարի կը մրցին երեք ժանրերու` հայկական համայնապատկեր, վաւերագրական եւ խաղարկային ֆիլմեր:
Ամերիկաբնակ եւ ֆրանսաբնակ բեմադրիչներ Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» եւ Առնօ Խայաճանեանի «Քարքարոտ ճամբաներ» ֆիլմերը ներկայացուած են՝ հայկական համայնապատկեր ծրագիրին մէջ եւ կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թեման:
12 Յուլիսին կայացած ասուլիսի ժամանակ, բեմադրիչները խօսեցան իրենց ֆիլմերու եւ այնտեղ ներկայացուած պատմութեանց մասին.
«Տատիկս եւ պապիկս ապրած են Ցեղասպանութիւն, այդ պատճառով ալ այս թեման շատ մօտ է իմ սիրտիս: Կ’ապրիմ Լոս Անճելըսի մէջ, բայց յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ժամանակ, ցանկացայ ֆիլմ նկարել այդ մասին: Կը փափաքէի ներկայացնել ազգութեամբ թուրք հերոսի մը, որ յետագային կը պարզէ, թէ իր մէջ ունի հայու արիւն: Ինծի համար շատ հետաքրքրական է այդ ներքին պայքարը, երբ մէջդ կ’ունենաս երկու թշնամի», կը նշէ Նարէն` աւելցնելով, որ իր ֆիլմը այնքան Ցեղասպանութեան մասին չէ, որքան անհատի պատմութեան:
Ֆրանսա բնակող հայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի ֆիլմը՝ Անատոլիոյ մէջ կատարուած շրջագայութեան մը պատմութիւնն է այն մասին, թէ ինչպէս հեղինակը կը շրջի Թուրքիա` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր նախնիներու հողերուն վրայ.
«Ցեղասպանութեան մասին շատ վաւերագրական ֆիլմեր ստեղծուած են, սակայն այնտեղ ես անհանդուրժողականութիւն կը նկատեմ: Իմ ֆիլմիս մէջ ես փորձեցի ստեղծել երկխօսութիւն թուրք ժողովուրդին հետ, որուն շնորհիւ կը կարծեմ, թէ այս ֆիլմը կը տարբերի միւս ֆիլմերէն», կը նշէ Առնոն:
Յիշեցնենք, որ «Ոսկէ Ծիրան 2016»-ը պաշտօնապէս մեկնարկեց 10 Յուլիսին` ծիրանօրհնէքի, աստղերու բացման եւ կարմիր գորգի արարողութիւններով:
Ֆիլմի փառատօնը այս տարի կ’իրականանայ 10-17 Յուլիսին: Ան նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
NEWS.am STYLE