Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հոլանտայի Ամենամեծ Հայ Համայնք Ունեցող Ալմելոն Արցախի Կողքին Է

Արդէն նախապէս յայտարարուած էր, որ հոլանտական  քանի մը հայ համայնքներ ու կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը  ցուցաբերած են Արցախին: Անշուշտ սպասելի պէտք է ըլլար Հոլանտայի մէջ ամենամեծ հայ համայնք ունեցող՝ Ալմելօ քաղաքի նախաձեռնութիւնը:
«Նիտերլանտական օրագիրի» փոխանցմամբ` անցած Կիրակի Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զոհուածներուն հոգիներու համար: Այս կապակցութեամբ բացուած բարեգործական հիմնադրամին, բացի Ալմելոյի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններէն,  իրենց օժանդակութիւնը  ցուցաբերած են  նաեւ Նայմեխէն քաղաքի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան անդամները: Արդէն ամրագրուած է աւելի քան 42 հազար եւրօ:
Նախօրօք Հոլանտայի այլ հայ համայնքներ եւս  այս կապակցութեամբ իրենց օգնութիւնն ու աջակցութիւնը  հասցէագրած են հայրենի Արցախին:

3

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին