Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Այցելութիւն Հայաստանի Ազգային Ճարտարագիտութեան Աշխատանոցներ Եւ Մայքրոսոֆթ Նորարարական Կեդրոն

Յուլիս 13-ին «Հայաստան. ստեղծենք միասին» երիտասարդական առաջին հաւաքի «Ճարտարագիտութիւն եւ նոր արուեստաբանութիւններ» աշխատանքային խումբի անդամները այցելեցին՝ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտութեան աշխատանոցներ (ANEL) եւ Մայքրոսոֆթ նորարարական կեդրոն (MIC):

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտութեան աշխատանոցներ երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները շրջեցան գծագրական ծրագրաւորման, նիւթերու դիմադրութեան, ելեկտրոնական, ուժային ելեկտրոնական, ելեկտրական մեքենաներու, ուժանիւթի, ելեկտրատեխնիկայի, չափումներու, ռոպոթաշինութեան, մայքրոկարգաւորիչներու, կապի համակարգիչներու, հեռահաղորդակցման, մեքենագիտութեան, կառավարման համակարգերու գիտահետազօտական աշխատանոցներու մէջ, ծանօթացան  կազմակերպութեան  յաջողութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Մայքրոսոֆթ նորարական կեդրոնին մէջ երիտասարդներուն ողջունեց  տնօրէն Արտաշէս Վարդանեան: Ան հանգամանօրէն ծանօթացուց կեդրոնի աշխատանքներուն, մթնոլորտին, հեռակնարներուն: Արտաշէս Վարդանեան նշեց, որ IT ոլորտը Հայաստանի մէջ ամենաարագ զարգացող ոլորտն է, եւ իրենց կեդրոնը ապագային միտում ունի շատ նորարական  ծրագիրներու եւ մեկնարկային նախաձեռնութիւններու»: Հանդիպման աւարտին ան սիրով պատասխանեց երիտասարդներուն հետաքրքրող հարցերուն: Ծաւալեցաւ աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ քննարկում:

Տեսաշարով ներկայացուեցան Մայքրոսոֆթ նորարարական կեդրոնի (Incubator) ձեռնարկութիւններու հիմնումը եւ նոր նախագիծերը (Star-ups):

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

2

3

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին