Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Մեծն Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետ Թերեզա Մէյը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Թերեզա Մէյին` Միացեալ Թագաւորութեան Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ երկիրի Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առիթով:

«Վստահ եմ, որ Ձեր բազմամեայ քաղաքական փորձառութեան շնորհիւ, Դուք Միացեալ Թագաւորութիւնը կ’ուղղորդէք զարգացման եւ բարգաւաճման ճանապարհով` դիմագրաւելով առկայ բոլոր մարտահրաւէրները եւ արձանագրելով նոր յաջողութիւններ:

«Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Թագաւորութեան հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ մեր երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան յետագայ խորացումը: Լիայոյս եմ, որ համատեղ ջանքերու շնորհիւ կրնանք որակական նոր մակարդակի բարձրացնել մեր բարեկամական կապերը եւ նոր շունչ հաղորդել երկկողմ օրակարգին` ի բարօրութիւն մեր երկրներու: Մաղթելով յաջողութիւններ Ձեր պատասխանատու առաքելութեան մէջ` Ձերդ Գերազանցութեան կը յղեմ խորին յարգանքներուս հաւաստիքը», ըսուած է ՀՀ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին