Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

«Ոսկէ Ծիրան 2016». Ֆրանսաբնակ Եւ Ամերիկաբնակ Հայ Բեմադրիչներու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմերը

*ՍԻՒՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ*

«Ոսկէ Ծիրան 2016» միջազգային ֆիլմի փառատօնին այս տարի կը մրցին երեք ժանրերու` հայկական համայնապատկեր, վաւերագրական եւ խաղարկային ֆիլմեր:

Ամերիկաբնակ եւ ֆրանսաբնակ բեմադրիչներ Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» եւ Առնօ Խայաճանեանի «Քարքարոտ ճամբաներ» ֆիլմերը ներկայացուած են՝ հայկական համայնապատկեր ծրագիրին մէջ  եւ կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թեման:

12 Յուլիսին կայացած ասուլիսի ժամանակ, բեմադրիչները խօսեցան իրենց ֆիլմերու եւ այնտեղ ներկայացուած պատմութեանց մասին.

«Տատիկս եւ պապիկս ապրած են Ցեղասպանութիւն, այդ պատճառով ալ այս թեման շատ մօտ է իմ սիրտիս: Կ’ապրիմ Լոս Անճելըսի մէջ, բայց յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ժամանակ, ցանկացայ ֆիլմ նկարել այդ մասին: Կը փափաքէի ներկայացնել ազգութեամբ թուրք  հերոսի մը, որ յետագային կը պարզէ, թէ իր մէջ ունի հայու արիւն: Ինծի համար շատ հետաքրքրական է այդ ներքին պայքարը, երբ մէջդ կ’ունենաս երկու թշնամի», կը նշէ Նարէն` աւելցնելով, որ իր ֆիլմը այնքան Ցեղասպանութեան մասին չէ, որքան անհատի պատմութեան:

Ֆրանսա բնակող հայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի ֆիլմը՝ Անատոլիոյ մէջ կատարուած  շրջագայութեան մը պատմութիւնն է այն մասին, թէ ինչպէս  հեղինակը կը շրջի Թուրքիա` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր նախնիներու հողերուն վրայ.

6

«Ցեղասպանութեան մասին շատ վաւերագրական ֆիլմեր  ստեղծուած են, սակայն այնտեղ ես անհանդուրժողականութիւն կը նկատեմ: Իմ ֆիլմիս մէջ ես փորձեցի ստեղծել երկխօսութիւն թուրք ժողովուրդին հետ, որուն շնորհիւ կը կարծեմ, թէ այս ֆիլմը կը տարբերի միւս ֆիլմերէն», կը նշէ Առնոն:

Յիշեցնենք, որ «Ոսկէ Ծիրան 2016»-ը պաշտօնապէս մեկնարկեց 10  Յուլիսին` ծիրանօրհնէքի, աստղերու բացման եւ կարմիր գորգի արարողութիւններով:

Ֆիլմի փառատօնը այս տարի կ’իրականանայ 10-17 Յուլիսին: Ան նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:

NEWS.am STYLE

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին