Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Համահայկական Փառատօն Ֆրանսայի ՄԷջ

Սեպտեմբեր 17-ին ժամը 11:00-էն մինչեւ 19:00, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմը կը կազմակերպէ իր առաջին համահայկական փառատօնը:

«Հայերն Այսօր»-ի փոխանցմամբ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն մէկուն` Ալֆորվիլ քաղաքի Կոմիտաս փողոցին մէջ, հայկական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ առջեւ: Փառատօնի աջակիցն է Ալֆորվիլի քաղաքապետարանը:

Ֆրանսայի Հայոց թեմը նպատակ ունի այս տօնական ձեռնարկը կազմակերպել ամէն տարի` յաջորդաբար Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Այս տարուան փառատօնը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին եւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի ստեղծման 10-ամեակին:

Փառատօնի օրը Կոմիտաս փողոցը ամբողջութեամբ փակ պիտի ըլլայ: Պիտի պատրաստուի բեմ եւ պարահարթակ, իսկ յատուկ պատրաստուած տաղաւարներուն մէջ պիտի վաճառուին գիրքեր, յուշանուէրներ, ձեռագործ աշխատանքներ, ուտեստներ եւ այլն:

Երախաներուն համար պիտի կազմակերպուին հետաքրքրական խաղեր: Պիտի խաղարկուին բազմաթիւ նուէրներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին