Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Մէջ Ընտանիքի Մը Ծով Երթալու «Արկածախնդրութիւնը»…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանի ամբո՜ղջ ծովափը երկար տարիներէ ի վեր եւ մանաւանդ այժմ՝ ոչ միայն Լիբանանի քաղաքացիին վայելելու իրաւունքը ըլլալէ դադրած է, այլ պետութեան ալ չի պատկանիր…:

Ան գրեթէ սեփականացուած է տարիներու ընթացքին իշխանութեան գլուխ եղող՝ իրարայաջորդ, այսպէս կոչուած, պատասխանատուներուն, անոնց մօտիկներուն կամ խնկարկուներուն կողմէ…:

Պէյրութի ծովափին վրայ հանրային սեփականութիւն հաշուող վերջին պատառիկի՝ Ռամլէթ Էլ Պայտայի ծովափին ալ գլխուն գալիք մը կայ շուտով, որուն մեծ մասին սեփականատէր ունենալու փաստն ալ նոր մէջտեղ ելաւ…:

Քաղաքացիներու իրաւունքէն ըսենք հրաժարեցանք, պետական գանձը գոնէ անկէ օգտուէր…: Տարիներէ ի վեր խորհրդարանի օրակարգերուն վրայ է «Հանրային (Ծովափերու) Սեփականութիւններու» (Ամլաք  Պահրիէ) հարցը: Սակայն ոչ մէկ գործնական լուծում այս ուղղութեամբ: Երբ օրէնսդիր ժողովի անդամները կամ անոնց տէրերը, նաեւ իրենց սիրեցեալները տուեալ հարցէ մը օգտուողներն են, բնականաբար ապուշ պէտք է ըլլալ սեփական շահի դէմ օրէնք ընդունելու…:

Իսկ ի՞նչ կ’արժէ այսօր սեփականացուած շնորհքով ծովափ մը երթալով՝ անոր բարիքներէն օգտուիլը: Մուտքը՝ 30 ամ. տոլար: Եթէ անշուշտ զոյգ մը պիտի երթայ՝ հաշիւը եղաւ 60 ամ. տոլար: Եթէ արեւի բաղնիք ստանալու անկողին մը ունենալ ուզէ այդ զոյգը՝ պէտք է աւելցնել 100 ամ. տոլար: Չթունաւորուելու կամ բերնի համով ուտելու բան մըն ալ եթէ համարձակին ապսպրել՝ պէտք է զոյգին համար նուազագոյնը 50 – 60 ամ. տոլար նկատի ունենալ…: Ընտանիքի մասին չխօսինք, որովհետեւ համեստ օրապահիկով, միջին հաշուով 4 հոգինոց ընտանիքի մը ծով երթալու «արկածախնդրութիւնը»՝ կրնայ համեստ պաշտօնեայի մը շահած ամսական ամբողջ մուտքի գումարը գերազանցել…:

Չափազանցած կ’ըլլա՞մ եթէ ըսեմ, որ Լիբանանցի երիտասարդ մը շաբաթավերջին ծով երթալու իր պիւտճէին վրայ քանի մը տոլար ալ եթէ աւելցնէ, կրնայ 4 – 5 օրով Կիպրոս կամ Յունաստան եւ կամ նոյնիսկ Վարնա (Պուլկարիա) ճամբորդել ու հոն վայելել շա՜տ աւելի մաքուր ծովափ մ,ը քանի մը օրերու վրայ երկարած…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին