Հայաստանի մէջ Յուլիս 12-ի ցերեկը արձանագրուած երկրաշարժը Գիւմրիի մէջ զգացուած է 4 աստիճան եւ Երեւանի մէջ 3 աստիճան ուժգնութեամբ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցին յայտնած է ԱԻՆ «Սէյսմիկ պաշտպանութեան ծառայութիւն» գործակալութեան պետ Հրաչեայ Պետրոսեանը:
Երկրաշարժը տեղի ունեցած է ժամը 14:14-ին, Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտիին մէջ, Բաւրայէն 13 քմ․դէպի հիւսիս-արեւելք:
«Երկրաշարժը արձանագրուած է 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ, օղակը կը գտնուի 10 քմ․ խորութեան վրայ, կեդրոնին մէջ անիկա ունեցած է 6-7 աստիճան ուժգնութիւն», ըսած է Հրաչեայ Պետրոսեան:
Երկրաշարժը զգացած են Հայաստանի հիւսիսը, Գիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Ալավերտի քաղաքներուն մէջ` 4-5 աստիճան, Երեւանի մէջ` 3 աստիճան ուժգնութեամբ:






